­Մա­հա­ցած է փրոֆ. ­Համ­բիկ ­Մա­րու­քեան

0
91

Սր­տի խոր կսկի­ծով ի­մա­ցանք յու­նա­հայ ա­կա­նա­ւոր գիտ­նա­կան փրոֆ. ­Համ­բիկ ­Մա­րու­քեա­նի մա­հը, որ պա­տա­հե­ցաւ 22 ­Մա­յի­ս 2025-ին, կար­ճա­տեւ հի­ւան­դու­թե­նէ ետք։
­Համ­բիկ ­Մա­րու­քեան իր կեան­քը կա­պած էր ա­կա­դե­մա­կան եւ գի­տա­կան աշ­խար­հին, դառ­նա­լով եր­կա­րա­մեայ դա­սա­խօս Ա­թէն­քի ­Քա­փոս­տիստ­րիա­կան հա­մալ­սա­րա­նի երկ­րա­բա­նա­կան կազ­մա­բա­նու­թեան վար­ժա­րա­նին մէջ, հան­դի­սա­նա­լով հա­զո­ւա­գիւտ գի­տա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգած հե­տա­զօ­տող­նե­րէն մէ­կը, որ իր ա­կա­դե­մա­կան աշ­խա­տան­քով նպաս­տեց հա­մալսա­րա­նա­կան ամ­պիո­նի զար­գաց­ման։ Որ­պէս դա­սա­խօս եւ գիտ­նա­կան մեծ համ­բաւ ու ըն­դու­նե­լու­թիւն վա­յե­լեց ու­սա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ ­Նաեւ, ան ստեղ­ծեց իր մաս­նա­գի­տու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ հա­րուստ ար­խիւ մը, որ այ­սօր տրա­մադրե­լի է երկ­րա­բա­նա­կան վար­ժա­րա­նի ու­սա­նո­ղու­թեան ու դա­սա­խօս­նե­րու կազ­մին։ ­Գի­տա­կան բարձր ներդ­րու­մին հա­մար, հան­գու­ցեա­լը պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ։
Եր­կար տա­րի­նե­րով վա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօ­նը եւ ջա­նա­դիր ե­ղաւ զար­գաց­նել կրթա­կան մար­զը միու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գոր­ծող վար­ժա­րա­նէն ներս։
Ան «­Հայ ­Կեանք» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րա­կան կազ­մի ան­դամ էր եւ սի­րա­հա­րը հայ մա­մու­լին։ Ե­ղաւ «Ա­զատ Օր»-ի հա­ւա­տա­ւոր ըն­թեր­ցող, մինչ ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցաւ նաեւ գա­ղու­թա­յին զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րուն։
«Ա­զատ Օր»-ի աշ­խա­տա­կազ­մը իր խո­րազ­գաց ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նէ հան­գու­ցեալ ­Համ­բիկ ­Մա­րու­քեա­նի ըն­տա­նի­քին եւ հա­րա­զատ­նե­րուն, Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։