Տարուան նախավերջին օրը ծննդեան տարեդարձն է համաշխարհային գրականութեան անգլիացի հսկաներէն Քիփլինկի, որուն մահուան ութսունամեակը լրացաւ այս տարի։
Դեկտեմբեր 30ի այս օրը, 151 տարի առաջ, այդ ատեն բրիտանական տիրապետութեան տակ գտնուող Պոմպէյի մէջ (Հնդկաստան), լոյս աշխարհ եկաւ անգլիական գրականութեան մեծատաղանդ դէմքերէն Ճոզէֆ Ռուտիըրտ Քիփլինկ, որուն վիճակուեցաւ 1907ին Նոպէլեան մրցանակին արժանացած առաջին անգլիացի հեղինակը ըլլալու մեծարանքը։
Անկախ իր գրական արժանաւորութենէն, նաեւ՝ Հայաստանի եւ հայութեան ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին ի նպաստ անոր ցուցաբերած զօրակցութենէն, Քիփլինկ իր տաղանդին ու յուզաշխարհին նկատմամբ յատուկ տկարութեամբ համակած է հայ ընթերցողին, որովհետեւ «Եթէ» խորագրով անմահացած անոր աշխարհահռչակ բանաստեղծութիւնը, մանաւանդ Մուշեղ Իշխանի այնքա՜ն հոգեհարազատ հայացումով, հայու միտքն ու հոգին կը ջերմացնէ գլխագիր ՄԱՐԴու անկրկնելի սահմանումով ու առինքնող բնութագրումով։
Եթէ տարուան նախավերջին օրը ծնած ըլլալով Քիփլինկ ամանորեայ նուէր մը կը նկատուի, անոր խորախորհուրդ «Եթէ»ն անկասկած Նոր Տարուան լաւագոյն մաղթանքը փոխանցող պատգամ է մարդկութեան։
«Եթէ»ն խորհրդածութեան եւ յոյզերու ամբողջ աշխարհ մը կը բանայ յատկապէս ամանորեան բարեմաղթութիւններու այս օրերուն, որովհետեւ գլխագիր ՄԱՐԴը սահմանող ամէնէն իմաստալից եւ հնչեղ քերթուածներէն մէկը կը հանդիսանայ միջազգային գրականութեան։
ԵԹԷ
(թրգմ՝ Մուշեղ Իշխանի)
Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին ,
Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին ,
Եթէ ուրիշներ կը կասկածին վրադ ,
Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր ,
Կամ չստել՝ շրջապատուած սուտերով ,
Ատողներու մէջ ըլլալ սիրալիր ,
Եթէ կրնաս ըլլալ բարի , բայց ուժով .
Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն
Չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող ,
Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան
Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այդ խաբող.
Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ
Չարափոխուած յիմարներու ծուղակի
Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի .
Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու ,
Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին
Եւ անտրտունջ ,առանց երբեք ողբալու
Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին ,
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար
Եւ դիմանալ ,երբ մեռած է ամէն բան,
Բացի կամքէն , որ կը մնայ մէջդ վառ .
Եթէ կրնաս արքաներու հետ ՝ պարզուկ ,
Ամբոխին մէջ՝ առաքինի ըլլալ միշտ ,
Եթէ թաղես կրքի րոպէն վաղանցուկ ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէնուն կուտաս արժէքն իր արդար ,
Եթէ սիրես , բայց սիրոյ խենթ չդառնաս .
Քու՛կդ է Երկիրն ու իր գանձերն անհամար
Եւ աւելին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:
1910ին գրուած «Եթէ»ն կը խտացնէ Քիփլինկի գրական տաղանդին գլխաւոր զոյգ առանձնայատկութիւնները՝ մտածումի խորութիւնն ու կենսայորդ զգացականութիւնը։ Իր այդ զոյգ արժանիքներուն համար Քիփլինկ արժանացաւ Նոպէլեան մրցանակի ակադեմական դատակազմի յատուկ գնահատանքին՝ թէ՛ իբրեւ արձակագիրի եւ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծի։
Քիփլինկ սերած է ազնուական ծնողքէ։ Հայրը զինուորական ծառայութեան ղրկուած է Հնդկաստան, ուր ամուսնացած է 1863 թուին։ Երկու տարի ետք ծնած՝ Քիփլինկ հինգ տարեկան էր, երբ այդ ժամանակուան արտասահման գործուղուած անգլիացիներու սովորութեան համաձայն՝ իրմէ երկու տարեկան փոքր քրոջ հետ, Քիփլինկ ղրկուեցաւ Լոնտոն, հոգատար ընտանիքի մը մօտ ապրելու եւ տարրական ուսում ստանալու համար։
Նախակրթական ուսման աւարտին Քիփլինկ ղրկուեցաւ Մ. Նահանգներ՝ ուսումը շարունակելու համար։ Աշակերտական այդ տարիներուն սկսաւ գրել եւ որոշ պատմուածքներ ու քերթուածներ ատենին լոյս ընծայեց։ Բայց ուսումնական իր նիշերը անբաւարար նկատուեցաւ եւ ան չկարողացաւ իրականացնել Օքսֆորտի համալսարան անվճար ընդունուելու իր մտադրութիւնը։
Ճարահատ, 1880ականներուն սկիզբը, Քիփլինկ վերադարձաւ Հնդկաստան, ուր նետուեցաւ հրապարակագրական ասպարէզ։
Գաղթատիրական բուռն մրցապայքարի ժամանակներն էին եւ Քիփլինկ փարեցաւ աջակողմեան գաղափարախօսութեան՝ անոր ամէնէն համարձակախօս ջատագովներէն մէկը դառնալով։ Իր քաղաքական եւ ընկերային համոզումներուն համար, ան շարունակ քննադատուեցաւ իր ժամանակի անգլիացի, երոպացի թէ ամերիկացի մեծարժէք գրողներուն կողմէ, որոնք սակայն ոչ մէկ պարագայի հարցականի տակ առին Քիփլինկի գրական-ստեղծագործական բացառիկ տաղանդն ու արժէքը։
Հնդկաստանը նեղ եկաւ Քիփլինկի գրական հեռանկարներուն համար եւ 1889ին ան որոշեց Լոնտոն տեղափոխուիլ։
Երկու տարի ետք, 1892ի Յունուարին, Լոնտոնի մէջ, Քիփլինկ ամուսնացաւ Քարոյլայն (Քերրի) Պալեսթիէրի հետ, որ ունեւոր ընտանիքէ սերած էր։ Նորապսակ ամոլը որոշեց մեղրալուսինի համար երկար ճամբորդութիւն մը կատարել դէպի Մ. Նահանգներ, հոնկէ ալ Եոքոհամա (Ճափոն), ուր Պալեսթիէրները ունէին ընտանեկան դրամատուն մը։ Բայց դրամատունը անյաջողութեան մատնուած էր եւ Քիփլինկ որոշեց վերադառնալ Մ. Նահանգներ, ուրկէ շարունակեց իր աշխատակցութիւնը ամերիկեան եւ անգլիական մամուլին։
1896ին Քիփլինկները, արդէն երկու զաւակներու ծնող, վերջնականապէս վերադարձան Լոնտոն։ Գրական հռչակը արագօրէն կ’աճէր Քիփլինկի ստեղծագործութեանց շուրջ եւ 1907ի Նոպէլեան մրցանակը եկաւ փառքով պսակադրելու այդ հռչակը։ Այնուհետեւ, մինչեւ 1936 թուականի յետ-կարճատեւ հիւանդութեան իր մահը, Ռուտիըրտ Քիփլինկ անխոնջ ստեղծագործեց եւ ստեղծագործական իր ժառանգութիւնը հարստացուց թէ՛ արձակ, թէ՛ բանաստեղծական արժէքաւոր գործերով։
Քիփլինկ մեծ նուաճումներ արձանագրեց նաեւ իբրեւ մանկական գրականութեան մեծատաղանդ հեղինակի, որուն The Jungle Book անունով պատմուածքներու հաւաքածոն կը հանդիսանայ գրական այդ սեռի դասական հարստութիւններէն մէկը։
Քիփլինկ մինչեւ վերջին շունջ շարունակեց նաեւ պայքարը իր քաղաքական եւ ընկերային համոզումներուն պաշտպանութեան համար։ Թունդ ընդդիմախօս մը եղաւ Առաջին Աշխարհամարտէն ետք թափ առած համաշխարհային Համայնավարութեան, ինչպէս եւ այս վերջինին իբրեւ հակազդեցութիւն թափ առած նացիական եւ ֆաշական շարժումներուն. Հիթլէր եւ Մուսոլինի նշաւակ դարձան Քիփլինկի քաղաքական խարանող քննադատութեանց։
Քիփլինկի անունը հայ ժողովուրդին մօտէն կապուեցաւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, երբ «Եթէ»ի հանճարեղ բանաստեղծը անձամբ պայքար մղեց, որպէսզի Մ. Նահանգները պետականօրէն ստանձնեն հովանաւորութիւնը ցեղասպանութեան արհաւիրքէն փիւնիկի պէս յառնող նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ իրաւարար կանգնելով հայ ժողովուրդին համար կենսական տարածքի ու սահմաններու հաստատագրումին։