Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը, 19-23 Փետրուար 2026-ին, կազմակերպեց քառօրեայ ճամբորդութիւն մը դէպի Պուլկարիոյ Պանսքօ եւ Սոֆիա քաղաքները:
Մասնակցեցան 35 հայրենակիցներ, որոնք չորս օր միասնաբար անցուցին ընկերային հաճելի ժամեր, արձանագրելով նոր տպաւորութիւններ եւ անմոռանալի ապրումներ:
Հետաքրքրական էր տեսնել, թէ Պանսքօ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ կանգնած էր խաչքար մը, որ պատրաստուած էր Յարութիւն Օվսէլեանի կողմէ, նուիրուած հայերուն կողմէ՝ Պուլկարիոյ պատերազմի զոհերուն:
Ճամբորդութիւնը զբօսաշրջային ըլլալէ զատ, նաեւ ուխտագնացութիւն մըն էր: Սոֆիա քաղաք այցելութեան հիմնական հանգրուաններէն մէկը հանդիսացաւ քաղաքի հանրային գերեզմանատան այցելութիւնը, ուր կը գտնուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի շիրիմը: Խումբին օգտակար եղաւ Պուլկարիոյ Հ.Յ.Դ. կառոյցը եւ Սոֆիայի մէջ գերեզմանատան մուտքին խումբը դիմաւորեցին քաղաքի Հ.Օ.Մ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Վարդանուշ Մանուէլեան եւ շրջանի Հ.Յ.Դ. կոմիտէի քարտուղար ընկ. Խորէն Մանուէլեան, որոնք առաջնորդեցին մասնակիցները դէպի Քրիստափորի շիրիմը:
Քրիստափոր, որպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն մէկը, հիմքը դրաւ հայ յեղափոխական միտքին եւ կազմակերպուած պայքարին։ Իր գործունէութեամբ ան առաջնորդեց երիտասարդ սերունդները, ներշնչելով հայրենասիրութիւն եւ գաղափարական նուիրում։
Ձմեռնային, ձիւնած լռութեան մէջ, Յունաստանի Հ. Կ. Խաչին կողմէ ծաղիկներ զետեղուեցան Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ անոր գործակից Վռամշապուհ Քենդիրեանի շիրիմներուն վրայ:
Հ.Կ.Խ.-ի վարչութեան ընկերուհիին կողմէ ներկայացուցեցաւ Քրիստափորի համարօտ կենսագրութիւնը, ու ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ ունեցած անգնահատելի դերը: Ապա, ընկ. Խորէն յուզումով ներկայացուց Հ.Յ.Դ.-ի հերոսին կեանքէն դրուաքներ:
Հետաքրքրական էր նաեւ տուած բացատրութիւնը, թէ ինչպէս ներքին մակեդոնական յեղափոխական կազմակերպութիւնը, որ այդ տարիներու ընթացքին Պուլկարիոյ պետութեան մէջ «պետութիւն» մը եղած էր, կատարեց բոլոր պատրաստութիւնները յուղարկաւորութեան համար: 10 Մարտին, դաշնակցական ընկերներ իրենց ուսերուն վրայ բռնած Քրիստափորի եւ Վռամշապուհի դագաղները փոխադրեցին, Սոֆիայի կեդրոնէն մինչեւ գերեզման, ուր տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը:
Կարճ, բայց խոր զգացական հանդիպումը իր աւարտին հասաւ Հ.Յ.Դ.-ի քայլերգով: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք շրջանի ներկայացուցիչներուն ջերմ ընդունելութեան համար, խումբը շարունակեց իր ճամբորդութիւնը, խորապէս ներշնչուած ու վերանորոգուած:
Ճամբորդութեան յայտագիրը շարունակելով, վարչութիւնը դասաւորած էր առաջնորդող մը, որ երկու ժամուան ընթացքին խումբին ծանօթացուց Սոֆիա քաղաքի արժանավայել վայրերն ու անոնց պատմութիւնը: Քանի մը ժամուան շրջապտոյտէն ետք, խումբը վերադարձաւ Պանսքօ:
23 Փետրուարի առաւօտեան խումբը վերադարձի ճամբան առաւ. ուշ գիշեր ճամբորդութիւնը իր աւարտին հասաւ՝ համայնքին մէջ յառաջիկայ աշխատանքներու յայտարարութիւններով:
ԹՂԹԱԿԻՑ










