­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան

­Չեմ գի­տեր ա­ռար­կող­ներ պի­տի գտնուի՞ն թէ ոչ, ե­թէ ար­ձա­նագ­րեմ, որ յատ­կա­պէս հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յիս­նա­մեա­կէն ետք, Հայ դա­տի ճա­կա­տին վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւող յաղ­թա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցը ոչ միայն կա­սած է, այ­լեւ յե­տըն­թա­ցի մէջ կը գտնո­ւի ներ­կա­յիս՝ պատ­ճա­ռո­վը ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան, որ չգիտ­ցաւ կամ չկրցաւ պատ­մու­թեան հետ ժա­մադ­րո­ւիլ եւ ներ­կա­յա­ցո­ւած ա­ռիթ­նե­րէն օգ­տո­ւիլ:
Անց­նող ե­րե­սուն տա­րի­նե­րու թէ­կուզ մա­կե­րե­սա­յին վե­րա­քաղ մը այդ են­թադրել կու տայ, որ­քան ալ շրջա­նա­յին ու­ժե­րու ռազ­մա­գի­տա­կան թէ քա­ղա­քա­կան կեան­քի յա­րա­փո­փո­խու­թիւ­նը ծան­րակ­շիռ դեր ու­նե­ցած ըլ­լայ ստեղ­ծո­ւած վի­ճակ­նե­րու մէջ:
­Ղա­րա­բա­ղեան յաղ­թա­նա­կին յա­ջոր­դող շուրջ 25 տա­րի­նե­րուն, խնդի­րը դրուած էր մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գի­տա­կան քաշք­շուք­նե­րու սե­ղա­նին, ուր ­Հա­յաս­տա­նի դի­ւա­նա­գէտ­ներն ու գոր­ծող նա­խա­գահ­նե­րը ան­կա­րող ե­ղան յաղ­թա­կա­նի դիր­քէ ի նպաստ մե­զի ա­ռա­ջար­կի մը շուրջ հա­մա­խո­հու­թիւն ստե­ղծե­լու եւ լու­ծում տա­լու հար­ցին, հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, որ հա­յաբ­նակ Ար­ցա­խի պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րու փաս­տը կար, ինչ­պէս նաեւ չգիտ­ցող չկար, որ Ատրպէյ­ճա­նի ստեղ­ծու­մէն ետքն էր միայն, որ վի­ճե­լի ե­ղաւ ա­նոր հա­յաս­տա­նա­պատ­կա­նու­թիւ­նը…: Ի սկզբա­նէ ծա­նօթ էր նաեւ, թէ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին (­Մինս­քի ե­ռա­նա­խագահ­նե­րուն) հա­մար ան­պայ­ման ա­զե­րիին վե­րա­դար­ձո­ւե­լու էին ա­զա­տագ­րո­ւած վեց կամ եօթ շրջան­նե­րը, որ­պէս­զի ­Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կի մա­սին կա­րե­լի ըլ­լար եզ­րա­կա­ցու­թեան մը յան­գիլ: ­Չե­ղաւ: Ա­պի­կա­րու­թի՞ւն, յաղ­թա­կա­նի գի­նո­վու­թի՞ւն կամ ա­ռա­ւե­լա­պաշ­տու­թի՞ւն, դժո­ւար է ը­սել: Ի­րո­ղու­թիւն էր նաեւ, որ գոր­ծող ղե­կա­վար­նե­րը չու­նէին ժո­ղովր­դա­յին նե­ցուկ ու ան­խառն հա­մակ­րանք, որ­պէս­զի յանդգ­նէին ո­րե­ւէ զի­ջում կա­տա­րել յաղ­թա­նա­կով ձեռք բե­րո­ւա­ծէն…: ­Թե­րեւս ալ, ով գի­տէ, մե­րին­նե­րուն խելքն ու միտ­քը ու­րիշ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րով կլա­նո­ւած էին… : ­Սա­կայն փաս­տը այն է, որ այդ 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճան ամ­րա­ցուց իր բա­նա­կը, ա­նոր պա­տե­րազ­մա­կան զի­նա­նո­ցը հարս­տա­ցուց ար­դիա­կան տա­րա­տե­սակ զէն­քե­րով: ­Մինչ մե­րին­նե՞­րը … ու­րիշ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու տրո­ւած էին:
Ա­ռա­ջին հեր­թին՝ մեզ չսթա­փե­ցուց այն, որ Ատր­պէյ­ճան մեր­ժեց ­Քո­չա­րեա­նի եւ պա­պա Ա­լիե­ւի մի­ջեւ ՔԻ Ո­ւես­թի մէջ կա­յա­ցած հո­ղա­յին փո­խա­նակ­ման հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, ո­րով Ատր­պէյ­ճան պի­տի միա­նար ­Նա­խի­ջե­ւա­նին եւ այդ ճամ­բով ­Թուր­քիոյ, ինչ որ մահ կրնար ըլ­լալ մե­զի, բայց կեան­քի չափ կա­րե­ւոր է ա­զե­րիին հա­մար: Այդ մեր­ժու­մը կը նշա­նա­կէր, թէ ո­րե­ւէ հան­գա­մանք­նե­րու մէջ Ատր­պէյ­ճան պի­տի չըն­դու­նէր Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը կամ միաց­ման տար­բե­րա­կը: Եւ պի­տի պատ­րաս­տո­ւէր պա­տե­րազ­մի:
­Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը չսթա­փե­ցաւ նոյ­նիսկ 2016-ի քա­ռօ­րայ պա­տե­րազ­մէն ետք, որ նա­խեր­գանքն էր 44-օ­րեայ չա­րա­շուք ա­ղե­տին եւ որ յստակ կը դարձ­նէր մեր թշնա­միին զի­նա­կան գե­րակշ­ռու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին ան­տար­բե­րու­թիւ­նը՝ մեր պա­հանջ­քին նկատ­մամբ:
­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման ա­ռա­ջին օ­րե­րէն հայ­րե­նի բնակ­չու­թիւ­նը կը գա­լա­րո­ւէր ա­նար­դա­րու­թեան, չքա­ւո­րու­թեան, ա­պօ­րի­նի հարս­տաց­ման, իշ­խա­նա­կան դիր­քե­րու շա­հա­գործ­ման, իշ­խա­նա­տեն­չու­թեան ախ­տա­ւոր վի­ճակ­նե­րէ, ո­րոնց պատ­ճա­ռով ժո­ղովր­դա­յին հա­մա­տա­րած ցա­սու­մը յան­գե­ցաւ ըմ­բոս­տու­թեան եւ պար­տադ­րո­ւած իշ­խա­նա­փո­խու­թեան, ինչ որ նոր ա­ղետ մը դար­ձաւ հա­յու­թեան ու Հայ դա­տի ա­պա­գա­յին հա­մար: ­Նոր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը, նո­ւա­զա­գոյ­նը ը­սե­լու հա­մար, ան­փորձ էին, յա­ւակ­նոտ ու ձա­խա­ւեր եւ ազ­գա­յին տես­լա­կան չու­նէին: Իսկ «հին»ե­րը՝ ան­հան­դուր­ժող ե­ղան «նոր»ե­րուն հան­դէպ: Եւ այս­պէս, սկսաւ հի­նե­րու եւ նո­րե­րու ան­հաշտ ու ան­զուսպ պայ­քար մը, որ կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ այ­սօր պատ­ճառ դառ­նա­լով ժո­ղո­վուր­դի պա­ռակ­տու­մին:
Բ­նա­կան էր, որ նոր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու ա­պի­կա­րու­թիւնն ու քա­ղա­քա­կան ձա­խա­ւե­րու­թիւն­նե­րը, ժո­ղո­վուր­դի պա­ռակ­տո­ւա­ծու­թիւ­նը, շրջա­նա­յին բե­մի վրայ խա­ղա­ցող մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու բա­րեա­ցա­կա­մու­թիւ­նը պի­տի քա­ջա­լե­րէին Ատր­պէյ­ճա­նը, որ ի­րեն օ­ժան­դակ ու­նե­նա­լով ­Թուր­քիան ու Իս­րա­յէ­լը, ինչ­պէս նաեւ իր բա­նա­կը վարձ­կան կռո­ւող­նե­րով հա­մալ­րած՝ 2020-ի ­Սեպտեմբեր 27-ին լայ­նա­ծա­ւալ ու ա­նակն­կալ յար­ձա­կում շղթա­յա­զեր­ծէ մեր վրայ եւ վե­րագրա­ւէ ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մով եւ բազ­մա­հա­զար ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­րեան գնով մեր ա­զա­տագրած հայ­րե­նի հո­ղե­րը եւ ­Շու­շին: Իսկ 28 ­Սեպտեմբեր 2023-ին, նոր յար­ձա­կու­մով մը մէկ օ­րուան մէջ զի­նա­թափ ը­նէ Ար­ցա­խի հայ­կա­կան բա­նա­կը, ո­րու բարձրա­գոյն հրա­մա­նա­տա­րը՝ Ար­ցա­խի օ­րո­ւան նա­խա­գա­հը ա­մօ­թա­լի հրա­մա­նագ­րով մը պի­տի լու­ծա­րէր պե­տու­թիւ­նը, որ ձեռք բե­րո­ւած էր ա­նօ­րի­նակ հե­րո­սու­թեամբ ու հե­րոս­նե­րու նա­հա­տա­կու­թեանց գնով:
Գ­րա­ւող­նե­րը ահ ու սար­սափ տա­րա­ծե­ցին՝ տե­ղի հա­յու­թիւ­նը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կե­լու դի­տա­ւո­րու­թեամբ, որ­մէ խու­սա­փե­լու հա­մար 120.000 հա­յեր խու­ճա­պի մատ­նո­ւած՝ ե­րեք օ­րո­ւան մէջ լքե­ցին ի­րենց տու­ներն ու պա­պե­նա­կան հո­ղե­րը եւ ա­պաս­տան գտան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: ­Պատ­կե­րա­ցու­ցէ’ք, ե­րեք օ­րո­ւան մէջ 120.000 հա­յե­րու խու­ճա­պա­հար փա­խուստ՝ կեան­քի փրկու­թեան հա­մար:
Այս­պէս էր, որ սեւ վա­րա­գոյ­րը ի­ջաւ հայ­կա­կան ­Ղա­րա­բա­ղի՝ Ար­ցա­խի վրան:
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը շատ ու շատ պար­տու­թիւն­ներ տե­սած է իր պատ­մու­թեան մէջ:
­Սա­կայն միշտ ալ գտնո­ւած են ա­ռաջ­նորդ­ներ, ո­րոնք յոյս ու բա­րո­յա­կան կո­րով ներշն­չած են ազ­գա­յին­նե­րուն, որ­պէս­զի ազ­գը ոտ­քի կանգ­նի, մէջ­քը ու­ղիղ բռնէ, տես­լա­կան ու­նե­նայ եւ պար­տու­թիւն­նե­րուն մէջ յաղ­թա­նակ փնտռէ:
Շ­նոր­հիւ այ­դօ­րի­նակ ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն է, որ վե­րապ­րած է ազ­գը: Օ­րի­նակ­ներ բազ­մա­թիւ են, բայց ա­նոնց­մէ յի­շենք գէթ եր­կու­քը հին ու նոր ժա­մա­նակ­նե­րէն, ո­րոնք հան­րա­ծա­նօթ են: ­Հի­նէն՝ ­Վար­դա­նանց ապս­տամ­բու­թիւնն է, որ հա­զիւ մէկ օր տե­ւեց եւ բո­լոր ղե­կա­վար­նե­րը, նե­րա­ռեալ ­Վար­դան, ին­կան Ա­ւա­րայ­րի մէջ:
Օ­րի­նա­չափ (սթան­տարտ) պար­տու­թիւն էր Ա­ւա­րայ­րը, բայց մենք յաղ­թա­նա­կի վե­րա­ծե­ցինք այդ պար­տու­թիւ­նը եւ ա­նով սե­րունդ­ներ ներշն­չե­ցինք հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ…: ­Նո­րա­գոյնը՝ ցե­ղասպա­նու­թե­նէն ետք հոս-հոն տարտղնո­ւած գաղ­թա­կան հա­յե­րու խլեակ­ներն էին, ան­ղեկ, շո­ւար ու ան­հե­ռան­կար, ո­րոնք տա­րին հեղ մը՝ Ապ­րիլ 24-ին կը սգա­յին ի­րենց մե­ռել­նե­րը: Ա­հա այդ օ­րե­րուն եւս ու­նե­ցանք ա­ռաջ­նորդ­ներ, ո­րոնք նոյն­պէս գաղ­թա­կան, ա­նոնց­մէ շա­տեր պե­տու­թիւն ու ան­կա­խու­թիւն կորսն­ցու­ցած ցա­ւա­տանջ մար­դիկ, ի­րենց մէջ գտան ու­ժը մէջ­քեր­նին շտկե­լու եւ ոտ­քի հա­նե­լու շո­ւա­րած ու ան­տէր հա­յու խլեակ­նե­րը, քա­ղա­քա­կան կողմ­նա­ցոյց դար­ձան ա­նոնց հա­մար, ա­նոնց­մով հա­մայնք­ներ ու սփիւռք կազ­մա­կեր­պե­ցին եւ զա­նոնք միա­ւո­րե­ցին ազ­գա­յին տես­լա­կան­նե­րով եւ Հայ դա­տի նպա­տա­կով:
Ապ­րիլ 24-ի սգա­հան­դէս­նե­րը ող­բէն վե­րա­ծո­ւե­ցան Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի ու այդ պայ­քա­րին նոր թափ տա­լու եւ նոր յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու վճռա­կան հա­մախմ­բում­նե­րու:
Իսկ հի­մա՞:
­Պար­տո­ւած իշ­խա­նու­թիւ­նը փո­խա­նակ ճիգ ը­նե­լու, որ վե­րա­կանգ­նէ ազ­գի բա­րո­յա­կան կո­րո­վը, ընդ­հա­կա­ռակն. ոչ միայն հա­մա­կեր­պած է պար­տու­թեան, այ­լեւ պար­տո­ւած է նաե’ւ ­հո­գիով: ­Տա­կա­ւին ա­ւե­լի ա­հա­ւո­րը կայ՝ հետզ­հե­տէ տոկ­մա­յի կը փոր­ձէ վե­րա­ծել ու փա­րիլ կար­գա­խօ­սի մը, թէ՝ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը վտան­գա­ւոր է ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին հա­մար…: ­Ճա­հի­ճի մէջ ին­կո­ղը եր­կու ընտ­րանք ու­նի. կամ իր կե­րը կը փնտռէ ճա­հի­ճի մէջ, որ վե­րապ­րի կամ ճիգ կը հան­դի­սադ­րէ ճա­հի­ճէն դուրս գա­լու հա­մար: Հ­.Հ.ի ­Ներ­կայ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը ընտ­րած են ա­ռա­ջին տար­բե­րա­կը եւ այդ ընտ­րան­քին հա­մար կը ջա­նան հե­տե­ւորդ­ներ բազ­մաց­նել ի­րենց քա­րոզ­չա­կան լծակ­նե­րով:
Ա­սի­կա մա­հա­ցու վտանգ է ազ­գին ու Հայ դա­տին հա­մար: Ե՞լ­քը. Ա­հա բուն խնդի­րը եւ ներ­կա­յի մե­ծա­գոյն մար­տահրա­ւէ­րը՝ քա­ղա­քա­կան բո­լոր այ­րե­րուն ու խմբա­ւո­րում­նե­րուն հա­մար:
Իշ­խա­նա­ւոր ըլ­լալ չի նշա­նա­կեր ի­րա­ւունք ու­նե­նալ, ինչ­պէս նաեւ գոր­ծող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ու քա­ղա­քա­կան այ­րե­րուն ի­րա­ւուն­քը չէ սե­փա­կան օ­րա­կարգ հե­տապն­դե­լու, երբ ազ­գին առ­ջեւ ծա­ռա­ցած է մե­ծա­գոյն մար­տահ­րա­ւէ­րի մը ան­յե­տաձ­գե­լի օ­րա­կարգ մը: Այ­լա­պէս, հա­մա­տա­րած հիաս­թա­փու­թիւ­նը կը կրծէ ազ­գի ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը, ինչ որ տե­ղի կ­’ու­նե­նայ այս օ­րե­րուն: Ս­թա­փինք…:
­Բազ­մա­հա­զար ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­րեան գնով Ար­ցա­խի ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մի յաղ­թա­նա­կը եւ հայ­րե­նի հո­ղա­տա­րածք­նե­րու ա­զա­տագ­րու­թիւ­նը հսկա­յա­քայլ ոս­տում մը կազ­մե­ցին Հայ դա­տի յա­ռա­ջըն­թա­ցին մէջ: Իսկ հի­մա, հայ­կա­կան ­Ղա­րա­բա­ղի կո­րուս­տով ան­փա­ռու­նակ յե­տըն­թա­ցի մը մէջ կը գտնուինք:

Ա­թէնք, 24 ­Սեպտեմբեր 2024