ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Ծա­նօթ է, որ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­նո­նա­գի­րը ու ան­կէ բխող կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­ռոյ­ցը հիմ­նա­կա­նօ­րէն կազ­մո­ւած են ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի անբ­նա­կան պայ­ման­նե­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ, նախ՝ 1892-ին, մէկ-եր­կու է­ջա­նոց յայ­տա­րա­րագ­րի մը ձե­ւով, իսկ 1896-ին՝ «կազ­մա­կեր­պա­կան կա­նոն­ներ» խո­րագ­րով: (­Յու­շա­պա­տում, Դ­րօ­շա­կի մա­տե­նա­շա­րով): Ա­պա, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին աս­տի­ճա­նա­կան վե­րամ­շա­կու­մով պատ­շա­ճե­ցո­ւած է ան սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րուն ու թե­լադ­րանք­նե­րուն: ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք՝ երկ­րի օ­րէնսդ­րա­կան հրա­հան­գին եր­թար­կո­ւե­լու հա­մար գրե­թէ «պար­տադ­րա­կան» նկա­տո­ւե­ցաւ ա­նոնց վրայ ա­ւելց­նե­լու «­Հա­յաս­տա­նի գե­րա­գոյն ժո­ղով եւ գե­րա­գոյն մար­մին» կա­ռոյ­ցը՝ 1998 թո­ւա­կա­նին:
­Կա­նո­նագ­րի եւ կա­ռոյ­ցի վե­րա­նայ­ման օ­րա­կար­գի քննարկ­ման ըն­թաց­քին, անհ­րա­ժեշտ է գե­րա­զանց կա­րե­ւո­րու­թիւն տալ այն ի­րա­կա­նու­թեան, որ հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի տա­րած­քին կազ­մա­կեր­պա­կան կրկնակ պատ­կա­նե­լիու­թեամբ ու տար­բեր գոր­ծա­դաշ­տե­րու վրայ գոր­ծե­լու իւ­րա­յատ­կու­թեանց մէջ, բնա­կան է, որ Հ.Յ.Դ.ը պարտ­քը ու­նի եւ պէտ­քը՝ սե­փա­կան պե­տու­թեան օ­րէնք­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւող կու­սակ­ցու­թեան մը կար­գա­վի­ճա­կը առ­նե­լու, այ­լեւ միա­ժա­մա­նակ՝ ամ­րօ­րէն պա­հե­լու-պահ­պա­նե­լու ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱՁՈՅԼ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:
­Կաս­կած չկայ ան­շուշտ, որ ինչ­պէս ան­հատ մար­դուն, նոյն­պէս կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հա­ւա­քա­կան ան­հա­տա­կա­նու­թիւնն ու նկա­րա­գի­րը քոմբ­լեքս մըն են՝ յատ­կա­նի­շե­րու ամ­բող­ջու­թիւն մը, որ կը կազ­մա­ւո­րո­ւի ու կը մշա­կո­ւի բա­րեշրջ­ման ըն­թաց­քով, ժա­մա­նա­կի հո­լո­վոյ­թին հետ, փոր­ձա­ռու­թեանց ընդ­մէ­ջէն:
Այդ քոմբ­լէք­սին ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը կը կազ­մեն կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­նու­նէն մին­չեւ իր ան­ցեա­լի պատ­մու­թիւ­նը, ծրա­գի­րը, գրա­ւոր ու ան­գիր կա­նոն­նե­րը, կա­ռոյ­ցը, աշ­խա­տան­քի մե­քե­նա­կա­նու­թիւ­նը, ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը, գոր­ծե­լա­ձե­ւը, ներ­կազ­մա­կեր­պա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ներ­քին մթնո­լոր­տը, բա­րո­յա­կան ըմբռ­նում­ներն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, եւ այլն:
Ո­րե­ւէ կազ­մա­կեր­պու­թիւն, որ­քան ալ յա­ռաջ­դի­մա­կան ու յան­դուգն գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րո­ւած ըլ­լայ եւ «նոր»ին սի­րա­հար, կը դառ­նայ ծայ­րա­յեղ պահ­պա­նո­ղա­կան, երբ հար­ցը վե­րա­բե­րի այդ քոմբ­լէք­սի վե­րա­նայ­ման, փո­փոխ­ման: Խն­դի­րը ա­ւե­լի կը դժո­ւա­րա­նայ, երբ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը շատ եր­կար կեան­քի փորձ ու­նի եւ հա­րուստ ան­ցեալ, ինչ­պի­սին է Հ.Յ.Դ.ը:
Ա­հա թէ ին­չու Հ.Յ.Դ. ը ան­յե­տաձ­գե­լի մար­տահ­րա­ւէ­րի մը դէմ յան­դի­ման՝ դժո­ւար ընտ­րան­քի մը առ­ջեւ կը գտնո­ւի ներ­կա­յիս: ­Մար­տահ­րա­ւէր այն ի­մաս­տով, որ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման եւ հա­մա­ցան­ցա­յին ան­կա­սե­լի զար­գա­ցում­նե­րու ներ­կայ դա­րու բո­վին մէջ, հիմ­նո­վին փո­խո­ւած են սե­րուն­դին եւ առ­հա­սա­րակ հայ մար­դուն ըմբռ­նում­նե­րը, ըն­կա­լում­նե­րը, հա­յեացք­նե­րը, ապ­րե­լա­ձե­ւը, կեան­քի հար­կադ­րանք­նե­րը, ո­րոնց քիչ-շատ ներ­դաշ­նա­կո­ւե­լու խնդի­րը կա­րե­լի չէ ան­տե­սել, քննարկ­ման ա­ռար­կայ չդարձ­նել եւ հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու չդի­մել:
­Պէտք չէ թո­ղուլ, որ կեան­քի «պար­տադ­րանք­նե­րով», այ­սինքն թա­ւա­լող ժա­մա­նա­կին մէջ կեան­քը ի՛նք թե­լադ­րէ ու պա­հան­ջէ մեր կա­նո­նագր­քի բո­վան­դա­կու­թիւնն ու կա­ռոյ­ցի ձե­ւը, ի­րա­ւուն­քի եւ պար­տա­ւո­րու­թեանց խնդիր­նե­րը, ինչ որ ան­բաղ­ձա­լի հե­տե­ւանք­ներ կրնայ ու­նե­նալ կազ­մա­կեր­պու­թեան միաս­նու­թեան ու ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան վրայ:

Ա­թէնք, 10 ­Փետր. 2025