Չորեքշաբթի 5 Հոկտեմբեր 2016ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Հ.Հ. Յունաստանի մօտ նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պ. Ֆաթէյ Չարչողլեանի հետ։ Բարի գալստեան եւ յաջողութեան մաղթանքներու կողքին,  խօսակցութեան առանցքը կազմեց երկու երկիրներու միջեւ կապերու եւ գործակցութեան ամրապնդումը, ծրագիրներու եւ առաջնահերթութիւններու քննարկումը քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ այլ մարզերէ ներս, հայ եւ յոյն ժողովուրդներդու բարեկամութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ներս յունական ներդրումներու զարգացման հնարաւորութիւնները։ Շեշտուեցաւ յունահայ համայնքի ներկայութիւնը եւ անոր ունեցած ներդրումը հայյունական կապերու ամրապնդման ծիրէն ներս, մասնաւորաբար ընդգծուեցան Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու ծաւալման եւ զարգացման բազմամեայ աշխատանքները, քաղաքական կապերու ոլորտը, ինչպէս նաեւ յունահայութեան բարձր վարկը Յունաստանի կեանքէն ներս, որ առաւել կերպով կը նպաստէ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ կապերու զարգացման։ Ներկայացուեցաւ յունահայ համայնքի պատկերը իր ազգային, եկեղեցական, կուսակցական ու միութենական կառոյցներով եւ հսկայածաւալ գործունէութեամբ՝ Յունաստանի հայաշատ շրջաններէն ներս։ Դեսպան Չարչողլեան բարձր գնահատեց համայնքային կառոյցներու գործունէութիւնը եւ երկուստէք շեշտուեցաւ գործակցութեան ամրապնդումը։ Յատուկ նշում եղաւ՝ որ առաջին առիթով Հ.Հ. դեսպանը ծանօթանայ յունահայ կառոյցներուն եւ անոնց գործունէութեան։

Հանդիպման աւարտին երկու կողմերը կարեւորութեամբ շեշտեցին նմանօրինակ հանդիպումներու զարգացումը եւ հասարակաց ծրագիրներու մէջ համատեղ աշխատելու ընթացքը։