Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն շարքին նուիրուած ելոյթներու ծիրէն ներս, տասնամեակներէ ի վեր յատուկ տեղ կը գրաւեն Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան տեղեկատուական տաղաւարները, որոնք կը գործեն Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ։
Աթէնքի Սինտաղմայի եւ Թեսաղոնիկէի Այիա Սոֆիա հրապարակներու բանուկ երթեւեկութեան մթնոլորտին մէջ, Երիտասարդականի տաղաւարները քարոզչական եւ տեղեկատուական ձեռքբերումներ կը համարուին, որոնց տեւողութեան, հազարաւոր յոյն եւ օտար այցելուներ իրազեկ կը դառնան Հայոց ցեղասպանութեան պատմական եւ իրաւական ծալքերուն մասին, տեղեկութիւններ կը տրուին Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ կարեւոր հրատարակութիւններ կը տրամադրուին անցորդներուն։
Նշենք, որ յատկապէս վերջին տարիներուն, Արցախի հիմնահարցը եւ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը յատուկ ուշադրութեամբ կը ներկայացուի, իսկ ժողովուրդի քաջալերական զգացումները լայնօրէն կ՚արտայայտուին, պատմական եղելութիւններու յստակ պարզումով եւ հայութեան անժամանցելի իրաւունքներուն զօրավիգ կանգնելու խօսքերով։










