Հ.Յ.Դ. ­Յունաստանի Երիտասարդական միութիւնը ծաղկեպսակ զետեղեց Աթէնքի Բազմարուեստարանին յուշարձանին առջեւ

0
61

­­Կի­րա­կի, 17 ­­Նո­յեմ­բեր 2024-ին, Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց Ա­թէն­քի ­­Բազ­մա­րո­ւես­տա­րա­նին յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ, յար­գե­լով 1973-ին ­­Յու­նաս­տա­նի զի­նո­ւո­րա­կան բռնա­տի­րա­կան իշ­խա­նու­թեան դէմ ապս­տամ­բած՝ Ա­թէն­քի ­­Բազ­մա­րո­ւես­տից հա­մալ­սա­րա­նի Ու­սա­նո­ղա­կան շարժ­ման տա­րե­դար­ձը։
Ան­ցած են 51 տա­րի­ներ ­Բազ­մա­րո­ւես­տա­րա­նի հե­րո­սա­կան պա­տու­մէն եւ ա­մէն տա­րի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ ու­սա­նող­նե­րու հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ բռնա­կա­լու­թեան դէմ պայ­քա­րի ո­գին կը ներշն­չէ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը: Այս­պէս, տաս­նեակ տա­րի­նե­րէ ի վեր Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը եւս որ­պէս դրօ­շա­կա­կիր հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տա­տենչ ձգտում­նե­րուն իր յար­գան­քի տուր­քը կը մա­տու­ցէ զե­տե­ղե­լով դափ­նեպ­սակ բազ­մա­րո­ւես­տա­րա­նի յո­ւ­շար­ձա­նին առ­ջեւ: