Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­միու­թիւ­նը գումարեց իր 75-րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վը 19-20 ­Հոկ­տեմ­բեր 2024-ին, Ֆիքսի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բէն նէրս։
­Ներ­կայ գտնո­ւե­ցան 37 ըն­կեր­ներ եւ ըն­կե­րու­հի­ներ, Հ.Յ.Դ. ­Յունաստանի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի եւ «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան», «­Գաբ­րիել ­Լա­զեան» եւ «­Վա­րան­դեան» ­կո­մի­տէ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ները, ինչ­պէս նաեւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչը եւ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ­Վա­րիչ ­Մարմ­նոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչը։
Ան­ցած տա­րեշր­ջա­նը քննար­կո­ւե­ցաւ իբր յա­ջող եւ ար­դիւ­նա­ւէտ, միու­թե­նա­կան, գա­ղու­թա­յին եւ ­Հայ ­դա­տի տարած աշխատանքներուն նկատ­մամբ։
­Խում­բե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը փո­խան­ցե­ցին, զրու­ցե­ցին եւ քուէարկեցին ի­րենց բե­րած ա­ռաջարկ­նե­րը եւ որոշումներու յանգեցան։
­Միու­թիւնս կազ­մա­կերպ­չա­կա­նօ­րէն ո­րո­շեց զարկ տալ վար­չա­կան գործընթաց­նե­րուն եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­Հայ ­դա­տի նկատ­մամբ միու­թիւնս վե­րա­հաս­տա­տեց իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը պայ­քա­րելու հայ ազ­գի եւ Ար­ցա­խի ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար, ա­ւան­դա­կան եւ նոր մի­ջոց­նե­րով։
­Նաեւ ընտ­րո­ւե­ցաւ 7-ան­դամ ­Կեդ­րո­նա­կան ­վար­չու­թիւն, բաղ­կա­ցած հե­տե­ւեալ ըն­կեր­ներէն.- ­Ման­կո­յեան ­Սեր­ճիօ, ­Գաւ­լա­քեան ­Քա­րէն, ­Պետ­րո­սեան Օն­նիկ, ­Մո­սի­նեան Ա­նի, ­Չա­քա­լեան Ար­մէն, ­Ման­կո­յեան ­Վահ­րամ, Ա­զա­լեան Ա­լեքս։

Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մ.-ի 75-րդ ­Պատգա­մա­ւո­րա­կան ­
Ժո­ղո­վի ­Դի­ւան