Ուրբաթ, 20 Մայիս 2022-ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը բաղկացած ընկերներ Յարութիւն Սպարթալեանէ եւ Սերգօ Գափլանեանէ, ընդառաջելով յատուկ հրաւէրի, ներկայ եղան յունական Փասօք-Քինալ կուսակցութեան համաժողովի բացման հանդիսութեան եւ այս առիթով զրոյց ունեցան կուսակցութեան անդամ եւ եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Էւա Քայլիի հետ։
Մեր ընկերները իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին ժողովի յաջողութեան համար եւ անդրադարձան հայ-յունական գործակցութեան ոլորտին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի մասնակցութիւնը Փասօք-Քինալ կուսակցութեան համաժողովին