29-31 ­Մա­յիս 2026-ին, Ա­թէն­քի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի ըն­կեր­վար ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու (YES) տա­րե­կան հա­մա­գու­մա­րը, որ հիւ­րըն­կա­լո­ւե­ցաւ «­Փա­սօք» կու­սակ­ցու­թեան ե­րի­տա­սար­դա­կան միա­ւո­րին կող­մէ։ ­Հա­մա­ժո­ղո­վը կո­չո­ւած էր զար­գաց­նել քա­ղա­քա­կան քննար­կում­նե­րը, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նել նոր սե­րուն­դի դի­մագ­րա­ւած մար­տահրա­ւէր­նե­րը Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին։ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ա­նու­նով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ եւ ու­ղեր­ձով հան­դէս ե­կաւ ընկ. Ար­մէն ­Չա­քա­լեան։ Ան իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մին մա­սին, ներ­կա­յաց­նե­լով յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան տար­բեր ե­րես­նե­րը եւ հանգ­րո­ւան­նե­րը, ո­րոնք յան­գե­ցան մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի հա­յա­թափ­ման ու կորս­տեան։
Ըն­կե­րը խօ­սե­ցաւ ­Պա­քո­ւի մէջ ա­պօ­րի­նա­բար պա­հո­ւած քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան գե­րի­նե­րուն մա­սին, նշե­լով մի­ջազ­գա­յին հա­կազ­դե­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, նաեւ շեշ­տեց ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վե­րա­դար­ձի ի­րա­ւուն­քը իր սե­փա­կան հո­ղե­րուն վրայ։
Ըն­կե­րը նշում­ներ կա­տա­րեց ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան խախ­տու­մի զա­նա­զան պա­րա­գա­նե­րուն եւ նա­խընտ­րա­կան փու­լի զար­գա­ցում­նե­րուն առն­չու­թեամբ։