Հ.Կ.Խաչի Գարէա-Կեսարիանիի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը անդամական ժողով պիտի գումարէ Չորեքշաբթի, 19 Յունիս 2024-ին, ժամը 19:00-ին, Գարէայի ազգապատկան սրահին մէջ։
Օրուայ նիւթը նուիրուած պիտի ըլլայ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին, որու շուրջ պիտի անդրադառնայ տիկին Վիքթորիա Մաղաքեան։
Պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն։
Կը հրաւիրուին Շրջանային Վարչութիւնը, քոյր մասնաճիւղերը եւ փափաքողները։
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ