Կիրակի՝ 26 Նոյեմբեր 2017ի Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Թեսաղոնիկէի «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հ. Գթ. Խաչի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի ընդհանուր անդամական ժողովը՝ ատենապետութեամբ տիկ. Շիրլէյ Փափազեանի։ Ժողովին ներկայ էր նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ.  Փաշայեան, ինչպէս եւ՝ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, ազգային կառոյցներու եւ զանազան հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, մեծաթիւ հետաքրքրասէրներ։
Ժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Գավալայէն Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան անդամուհի տիկ. Մաննիկ Աշըրեան՝ զեկուցելու Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովի ընթացքին իր կողմէ պատրաստուած «Սփիւռքի երիտասարդութեան ազգային պատկանելութեան հիմնախնդիրները՝ տեսլականէն դէպի իրագործում» նիւթին շուրջ։
Ժողովը բացուեցաւ վարչութեան փոխ-ատենապետուհի տիկ.  Սիլվա Գասեմեանի բարի գալստեան ու շնորհակալական խօսքերով, ինչպէս նաեւ՝ ներկայացնելով օրուան բանախօսին կենսագրութիւնը։ Ապա՝ տիկ. Աշըրեան թէ՛ հայերէն եւ թէ յունարէն լեզուներով իր նիւթը գերազանց կերպով ներկայացուց ներկաներուն, որոնք իրենց բարձր գնահատանքը յայտնեցին տիկ. Աշըրեանի բծախնդրութեան ու նախանձախնդրութեան հանդէպ։ Տիկ. Աշըրեան իր նիւթին կողքին յիշեց ու պատիւով արտայայտուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ցնցիչ, գօտեպնդիչ ու խրախուսիչ պատգամին մասին, զոր Վեհափառը արտասանած էր այս համաժողովի ընթացքին։ Հարցումներու լոյսին տակ, տիկ. Կիւլա Գասապեան խօսք առնելով բարձրօրէն գնահատանքով արտայայտուեցաւ տիկ. Աշըրեանի տարած աշխատանքներուն ու մեծարանքով խօսեցաւ անոր անձին մասին։
Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Ապա՝ մասնաճիւղիս ատենադպրուհի տիկ. Իրէն Յովհաննէսեան նկարներով հետաքրքիր կերպով ներկայացուց մասնաճիւղի նախորդ տարուան գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը, որ բարձր գնահատանքի արժանացաւ ներկաներուն կողմէ։
Աւարտին, Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Նուէր Տէրէյեան խօսք առնելով գնահատեց տարուած աշխատանքը «Անի» մասնաճիւղին կողմէ։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ նաեւ տիկ. Աշըրեանի անձին ու գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ՝ տեղեկացուց Հ.Օ.Մ.ի կրթաթոշակին մասին եւ յայտարարեց այս տարուան կրթաթոշակի արժանացողներուն անունները՝ շրջանիս երիտասարդուհիներէն յանձինս Իրինի Ռուբինեանի եւ Տաթեւ Աւագեանի, որոնք պատիւը ունեցան տիկ. Աշըրեանի ձեռամբ ստանալու կրթաթոշակի նուէրները։
Ժողովը փակուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի քայլերգով։

ԹՂԹԱԿԻՑ