Շաբաթ՝ 10 Յունիս 2017ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Հայ Գթութեան Խաչի Գոմոթինիի «Էրեբունի» մասնաճիւղի Վարչութիւնը կազմակերպեց հօր ու մօր նուիրուած տօնը, ազգային սրահին մէջ։ Ներկայ էին հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, Միջ-Թաղայինի ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան, Գոմոթինիի Թաղային Խորհուրդի անդամներ, Մշակութային Միութեան ատենապետուհի տիկ. Ճէնի Գասապեան եւ անդամներ, խաչուհիներ ու գնահատելի թիւով ժողովուրդ։
Բացման խօսքը կատարեց ատենապետուհի տիկ. Հերմինէ Գույումճեան։ Ան յանուն վարչութեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց տիկ. Թուլա Խաչատուրեանը, որ բանախօսեց հօր ու մօր կարեւոր դերին, պարտականութեան ու արժէքին մասին։
Ետքը, վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց երկու անձնաւորութիւններ՝ պրն. Նշան Կիւմիւշեանն ու տիկ. Հերմինէ Գույումճեանը, որոնք կը ներկայացնէին հօր ու մօր գեղեցիկ տիպարները։
Ապա՝ միօրեայ վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ ուսուցչուհի տիկ. Ռուզաննա Զոհրապեանին, ինչպէս նաեւ՝ Մշակութային Միութեան «Հայուհիներ» երգչախումբը ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ՝ վարչութիւնը մայրերուն յանձնեց նուէր մը։
ԹՂԹԱԿԻՑ