Հաւատարիմ մնալով տարեվերջի մեր աւանդութեան, մեր հայրենակիցներուն կը ներկայացնենք 2021-ի «Ազատ Օր»ի պատի օրացոյցը, ճոխ ու գունազարդ իր էջերով:
Այս տարուան օրացոյցը նուիրուած է մեր արծուաբոյն Արցախին, ներկայացնելով պատմական եւ մշակութային արժէք ունեցող կոթողներ եւ տեսարաններ։
Հայկական տօնացոյցին կից՝ նոյնպէս տեղ տրուած է յունական եկեղեցական ու ազգային տօներուն եւ կարեւորագոյն թուականներուն:
Օրացոյցը նուէրի համար նաեւ գեղեցիկ գաղափար մըն է, որ վստահօրէն կը գնահատուի ձեր նուէրը ստացող հայ թէ յոյն բարեկամներէն:
Օրացոյցը կարելի է ստանալ «Ազատ Օր»ի ցրուիչներէն, խմբագրատունէն, Ազգային Առաջնորդարանէն եւ շրջաններու ակումբներէն: Գին՝ 15 եւրօ: