Հաւատարիմ մնալով տարեվերջի մեր աւանդութեան,
մեր հայրենակիցներուն կը ներկայացնենք 2018ի
«Ազատ Օր»ի պատի օրացոյցը, ճոխ ու գունազարդ իր էջերով:
2018ի օրացոյցի կողքը նուիրուած է 1918ի Անկախութեան 100ամեակին:
Ներսի էջերուն հայրենիքէն խօսուն պատկերները մեր աչքերուն
առջեւ կը վերակենդանացնեն ծանօթ վայրերը, ընկերանալով
մեր առօրեային՝ տարուան 12 ամիսներու ընթացքին:
Հայկական տօնացոյցին կից՝ նոյնպէս տեղ տրուած է յունական եկեղեցական ու ազգային տօներուն եւ կարեւորագոյն թուականներուն:
Օրացոյցը նուէրի համար նաեւ գեղեցիկ գաղափար մըն է, որ վստահօրէն կը գնահատուի ձեր նուէրը ստացող հայ թէ յոյն բարեկամներէն:
Օրացոյցը կարելի է ստանալ «Ազատ Օր»ի ցրուիչներէն, խմբագրատունէն, Ազգային Առաջնորդարանէն եւ շրջաններու ակումբներէն: Գին՝ 15 եւրօ: