www.houshamadyan.org հա­մա­ցան­ցա­յին հաս­ցէին վրայ գոր­ծող կայ­քէ­ջին գոր­ծու­նո­ւէ­թիւ­նը ծա­նօթ է մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն։ ­Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով «Ա­զատ Օր»ի է­ջե­րուն հրա­տա­րա­կած ենք այս կայ­քէ­ջին մէջ լոյս տե­սած հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնք լոյս կը սփռեն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ա­ռաջ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին ապ­րող հա­յե­րու կեան­քին, տե­ղա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րուն, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րին ու կեն­ցա­ղին վրայ։
­Կայ­քէ­ջին մէջ, այլ գլուխ­նե­րու կող­քին (ուր կը հրա­տա­րա­կո­ւին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, գծագ­րու­թիւն­ներ, քար­տէս­ներ, լու­սան­կար­ներ ե­ւայլն), վեր­ջերս հաս­տա­տո­ւած է ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րու ըն­դար­ձակ բա­ժին մը, որ հիմ­նո­ւած է ­Պետ­րոս Ա­լա­հայ­տո­յեա­նի հա­ւա­քա­ծո­յին վրայ։ 1980ա­կան­նե­րէն սկսեալ ան շրջած է տար­բեր եր­կիր­նե­րու հա­յա­շատ քա­ղաք­նե­րը, հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած հա­յե­րու հետ եւ ա­նոնց­մէ հա­ւա­քած ի­րենց հայ­րե­նի քա­ղաք­նե­րէն եւ գիւ­ղե­րէն ժա­ռանգ մնա­ցած եր­գեր եւ յու­շեր։
­Լի­բա­նան ծնած Ա­լա­հայ­տո­յեան ար­դէն եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կ­՚ապ­րի ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ։ 1980ա­կան­նե­րուն ան կ­՚ապ­րէր Պ­րիւք­սէ­լի մէջ եւ կ­՚աշ­խա­տակ­ցէր տեղ­ւոյն ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հայ­կա­կան յայ­տագ­րին։ Այս տա­րի­նե­րուն է, որ ան կը սկսի այ­ցե­լել եւ­րո­պա­կան քա­ղաք­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Մի­ջին Ա­րե­ւելք եւ ­Հա­յաս­տան, հե­տա­գա­յին ալ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, եւ այս ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին կը ձայ­նագ­րո­ւին եւ կը հա­ւա­քո­ւին իր հա­ւա­քա­ծո­յին եր­գա­յին գան­ձե­րը։
Ըն­տա­նիք­ներ եւ ծե­րա­նոց­ներ այ­ցե­լե­լով՝ ան հան­դի­պում­ներ կ­՚ու­նե­նայ բազ­մա­թիւ վե­րապ­րող­նե­րու հետ, ո­րոնց­մէ կը հա­ւա­քէ յու­շեր եւ եր­գեր։ ­Հա­զա­րէ ա­ւե­լի եր­գեր այս ձե­ւով կո­րուս­տէ փրկո­ւած էին, ա­նոնք ար­ձա­նագ­րո­ւած էին հին ե­րիզ­նե­րու կամ ալ «քա­սէթ­նե­րու» վրայ։
­Ներ­կա­յիս «­Յու­շա­մա­տեան» կայ­քէ­ջին կող­մէ այս հա­ւա­քա­ծոն թո­ւայ­նաց­նե­լու աշ­խա­տանք կը կա­տա­րո­ւի, եւ եր­գերն ու եր­գի­չին վե­րա­բե­րող տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կը տե­ղադ­րո­ւին կայ­քէ­ջին վրայ։ Այ­սինքն՝ կայ­քէ­ջին մէջ կա­րե­լի է կար­դալ եր­գին բա­ռերն ու խա­զե­րը (նո­թա­նե­րը), լսել եր­գը, տես­նել եր­գի­չին հայ­րե­նի քա­ղա­քէն կամ գիւ­ղէն հին լու­սան­կար­ներ եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նալ եր­գի­չին եւ եր­գե­րուն մա­սին։
Այս աշ­խա­տան­քի կող­քին, «­Յու­շա­մա­տեան» կայ­քէ­ջը ծրա­գիր ու­նի եր­գա­յին այլ ժանր մը հան­րու­թեան մատ­չե­լի դարձ­նե­լու։ ­Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի 1920-1930ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ար­տադ­րո­ւած մեծ թի­ւով ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­նե­րու, յատ­կա­պէս ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ։ ­Հոս կան եր­գեր, ո­րոնք կ­՚եր­գո­ւին հայ եր­գիչ­նե­րու կող­մէ, բայց ներ­կա­յաց­ման մէջ բա­ցա­յայ­տօ­րէն զգա­լի կը դառ­նայ այլ ազ­գե­րու ե­րաժշ­տա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը։
Այս եր­գե­րը կա­րե­լի է բաղ­դա­տել յու­նա­կան «ռե­պե­թի­քօ» եր­գե­րուն հետ, ո­րոնք յօ­րի­նո­ւած են ­Փոքր Ա­սիա­յէն ճո­ղոպ­րած գաղ­թա­կան­նե­րուն կող­մէ, ա­նոնց կեան­քէն ներշն­չո­ւած ըլ­լա­լով։ ­Հայ­կա­կա­նի պա­րա­գա­յին եւս, ա­նի­կա կը ներ­կա­յաց­նէ իւ­րա­յա­տուկ ժա­ռան­գու­թիւն մը, ո­րուն ար­մատ­նե­րը կը հաս­նին մին­չեւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան հա­յաբ­նակ ոս­տան­նե­րը։ Այս­պի­սի եր­գեր ա­ւե­լի շատ մաս կազ­մած են ա­մե­րի­կա­հայ են­թա-մշա­կոյ­թին (subculture), տեղ չեն գտած պաշ­տօ­նա­կան հա­մա­րո­ւած եր­գա­ցան­կե­րուն մէջ, նոյ­նիսկ խստիւ քննա­դա­տո­ւած են հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի մաք­րակ­րօ­նա­կան­նե­րուն կող­մէ։
«­Յու­շա­մա­տեան»ի է­ջե­րուն ար­դէն իսկ կա­րե­լի է գտնել այս ժան­րի եր­գեր, բայց նպա­տակ կայ մե­ծա­պէս հարս­տաց­նե­լու այս հա­ւա­քա­ծոն։

http://www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayet-of-sivas/local-characteristics/song-alahaidoyan-collection.html