Այսու կը տեղեկացնենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, թէ Կիրակի 7 Դեկտեմբեր 2025-ին, թեմիս մեր եկեղեցիներէն ներս յաւարտ Ս. պատարագի պիտի կատարուի հոգեհանգիստ, 7 Դեկտեմբեր 1988-ին Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժին զոհ գացած հայորդիներու հոգիներուն համար:
Ուստի կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը, մասնակից դառնալու արարողութեան, ինչպէս նաեւ իր յարգանքը մատուցելու անմեղ զոհերուն:
Կրօնական Ժողով









