Կազմակերպութեամբ՝
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան

Կիրակի, 28 Յուլիս 2024-ի առաւօտեան, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուե-լիք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի, 1983-ին Լիզպոնի մէջ նահատակուած հինգ քաջարի երիտասարդներուն նահատակութեան յիշատակին։
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Աթէնքի հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեան:
Սկիզբ պատարագի ժամը 10:00-ին, հոգեհանգիստ ժամը 11:30-ին:
Կոչ կ՚ուղղենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որ իրենց ներկայութեամբ յարգեն քաջարի հինգ հա-յորդիներու անձնազոհութեան վեհ արարքն ու անոնց անմար յիշատակը:

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ