Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութիւնը Կիրակի, 16 Փետրուար 2025-ին, Նէոս Գոզմոսի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրած էր միութեան բարերար՝ Պերճուհի Գզիրեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով, ինչպէս նաեւ Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադիրներու, բարերարներու, կրթական մշակներու եւ միութեան վեթերան ընկերուհիներու յիշատակին, յարգելով բոլորին ազգանուէր եւ գիտակից գործունէութիւնը:
Պատարագին հանդիսապետեց ու քարոզեց Յունահայոց Առաջնորդ Տ. Սահակ ծ.վրդ. Եմիշեան ու պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան:
Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ սիրոյ զգացումին, նշելով թէ ան կը յատկանշէ մարդկային նուրբ յարաբերութիւնները անհատական եւ հաւաքական գետնի վրայ: Իր խօսքը մասնաւորելով Հ.Կ.Խաչի գործունէութեան եւ անհամար խաչուհիներու նուիրուածութեան, ան յայտնեց, թէ մարդուն հանդէպ սէրը եղաւ գլխաւոր ազդակը յունահայ գաղութին մէջ ծառայութեան չափանիշներու նկատմամբ:
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի ընտանիքը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ միութեան հիմնադիրներու, բարերարներու, կրթական մշակներու եւ բոլոր նուիրեալ ննջեցեալ անդամուհիներու յիշատակին։
Հոգեհանգիստի աւարտին յաջորդեց հոգեսուրճ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հոգեհանգիստ՝ Հ.Կ.Խաչի հիմնադիրներու, բարերարներու եւ կրթական մշակներու յիշատակին