Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը հանդիպումներու շարք մը կ’իրագործէ Յունաստանի քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներու հետ։
Այս ծիրէն ներս անցեալ Չորեքշաբթի 13 Փետրուարի երեկոյեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակէն ներս, ընդունեց հելլէն խորհրդարանի պատգամաւոր եւ նախարարական պաշտօններ վարած Փանաեոթիս Քուրուփլիս, որու հետ քննարկեց հայութեան պահանջքներուն ու դիրքորոշումներուն կապուած հարցեր։
Շուրջ մէկ ժամ ծաւալած զրոյցին ընթացքին, պրն. նախարարը իրազեկ դարձաւ Արցախի վերջին քաղաքական զարգացումներուն, ուր յատկապէս շեշտուեցան ատրպէյճանական յարձակողապաշտ ընթացքը ու հրադադարի շարունակական խախտումներու դէպքերը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ազգային ու միութենական մեր կառոյցներու գործունէութեան ու կազմակերպուածութեան մասին։Կառուցողական հանդիպումը արդիւնաբեր էր եւ պրն. Քուրուփլիս իր ջերմ զգացումները փոխանցեց յունահայութեան եւ հայ ժողովուրդի աշխատանքներուն կապակցութեամբ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հանդիպում խորհրդարանի պատգամաւոր եւ նախկին նախարար Փ. Քուրուփլիսի հետ
Հանդիպում խորհրդարանի պատգամաւոր եւ նախկին նախարար Փ. Քուրուփլիսի հետ
Հանդիպում խորհրդարանի պատգամաւոր եւ նախկին նախարար Փ. Քուրուփլիսի հետ