«Birthright Armenia» կազմակերպութեան տնօրէն՝ պրն. Սեւան Գապաքեան,
երեք հանդիպումներու ընթացքին պիտի ներկայացնէ երիտասարդներուն ուղղուած կազմակերպութեան կրթական ծրագիրները:
Հանդիպումները ուղղուած են այն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին այցելել Հայաստան եւ մասնակցիլ ծրագիրներուն՝ երկու շաբաթէն մինչեւ երեք ամիս, ունենալով լրիւ նիւթական օժանդակութիւն:
Հանդիպումները տեղի պիտի ունենան՝
— Ուրբաթ՝ 21 Սեպտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 8ին,
«Coral» հիւրանոցին մէջ
— Փոսիտոնոս պողոտայ 35, Փալէօ Ֆալիրօ:
— Շաբաթ՝ 22 Սեպտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 8ին,
Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնին մէջ
(Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան հետ գործակցաբար):
— Կիրակի՝ 23 Սեպտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 7ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին»
եկեղեցւոյ «Հայաստան» սրահին մէջ
(Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան հետ գործակցաբար):
Հանդիպումներուն վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար՝ դիմել պրն. Միհրան Սարգիսեանին, հեռ. 695 5555689: