Այ­սօր, 17 ­Յու­նո­ւար 2025-ին, Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ նա­խա­տե­սո­ւած է 2020 եւ 2023 թո­ւա­կան­նե­րուն, Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան դէմ ի­րենց ցե­ղաս­պա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն ժա­մա­նակ, ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ ա­ռե­ւան­գո­ւած բազ­մա­թիւ հայ քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու, զի­նո­ւոր­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ա­նօ­րի­նա­կան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը։ Ա­նոնց ձեր­բա­կալ­ման սկիզ­բէն, մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը իր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը յայտ­նած է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի խախ­տում­նե­րուն եւ դա­տա­վա­րու­թեան օ­րի­նա­կան ըն­թաց­քի շե­ղում­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան գե­րի­նե­րու բան­տար­կու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն։ Ատր­պէյ­ճա­նի դա­տա­կան հա­մա­կար­գը, են­թա­կայ ըլ­լա­լով երկ­րի ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­չա­խում­բին, ոչ մէկ ե­րաշ­խիք կրնայ ա­պա­հո­վել դա­տա­վա­րու­թեան առն­չու­թեամբ։ Երկ­րին մէջ մարդ­կա­յին եւ մամ­լոյ ա­զա­տու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան խախ­տում­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ պաշտ­պան ի­րա­ւա­բան­նե­րու վրայ ճնշում­ներ բա­նեց­նե­լու ի­րա­կա­նու­թեան տակ, հայ գե­րի­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ զրկո­ւած կը մնան ի­րենց տար­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րէն եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան պաշտ­պա­նու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն։
­Ներ­կա­յիս, հաս­տա­տո­ւած է, որ Ատր­պէյ­ճան կը պա­հէ առ­նո­ւազն 23 հայ պա­տանդ։ Ի­րա­կան թի­ւը կրնայ հաս­նիլ 100-ի: Ք­սա­նե­րե­քէն եօթն ան­ցած են ձե­ւա­կան դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րէ եւ դա­տա­պար­տո­ւած են: Մ­նա­ցեալ 16-ի ձե­ւա­կան եւ ա­պօ­րի­նի դա­տա­վա­րու­թեան բաց­ման նիս­տը նա­խա­տե­սո­ւած է այ­սօ­րո­ւան հա­մար, ­Պա­քո­ւի զի­նո­ւո­րա­կան դա­տա­րա­նէն ներս։
Ս­տո­րեւ, կը ներ­կա­յաց­նենք հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ պա­հո­ւած հայ բան­տար­կեալ­նե­րուն մա­սին։

­Քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­ներ

— ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Ծ­նած է 14 ­Դեկ­տեմ­բեր 1973-ին։ Ընտ­րուած է Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան չոր­րորդ նա­խա­գահ, պաշ­տօ­նա­վա­րած է ­Մա­յիս 2020-էն մին­չեւ իր հրա­ժա­րա­կա­նը՝ 1 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023։ Ա­ռե­ւան­գո­ւած է 3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ։

— ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Ծ­նած է 30 Օ­գոս­տոս 1960-ին։ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եր­րորդ եւ ա­մե­նաեր­կար պաշ­տօ­նա­վա­րած նա­խա­գահն է՝ ­Յու­լիս 2007-էն մին­չեւ ­Մա­յիս 2020։ Ա­ռե­ւան­գո­ւած է 3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2020-ին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ։

— ԱՐԿԱԴԻ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ծ­նած է 22 ­Յու­նիս 1957-ին։ Ե­ղած է Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան երկ­րորդ նա­խա­գահ, 1997-2007 տա­րի­նե­րուն։ Ա­ռե­ւան­գո­ւած է 3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ։

— ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆ
Ծ­նած է 27 ­Դեկ­տեմ­բեր 1968-ին։ Ե­ղած է Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կու­մէն մէկ ա­միս ա­ռաջ, Օ­գոս­տոս 2023-ին, ընտ­րո­ւած էր Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ։ Ա­ռե­ւան­գո­ւած է 3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ։

— ԴԱՒԻԹ ԲԱԲԱՅԵԱՆ
Ծ­նած է 5 Ապ­րիլ 1973-ին։ Ե­ղած է Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար 2021-2023 տա­րի­նե­րուն, Ա.Հ. նա­խա­գա­հի խորհր­դա­կան՝ ­Յու­նո­ւար 2023-էն։ Ի­մա­նա­լով, որ հե­տա­խուզ­ման մէջ է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ, 28 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ին յայ­տա­րա­րած է, թէ ինք­նա­կամ կը յանձ­նո­ւի։ ­Յա­ջորդ օ­րը ձեր­բա­կա­լո­ւած է։

— ԴԱՒԻԹ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Ծ­նած է 14 ­Սեպ­տեմ­բեր 1965-ին։ Ե­ղած է բա­նա­կի զօ­րա­վար եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան ու­ժե­րու նախ­կին փոխհ­րա­մա­նա­տար։ Ա­ռե­ւան­գո­ւած է 27 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ին, ­Լա­չի­նի մի­ջանց­քին՝ Ար­ցա­խի այլ բնա­կիչ­նե­րու հետ ­Հա­յաս­տան անց­նե­լու ըն­թաց­քին։

— ՌՈՒ­ԲէՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Ծ­նած է 25 ­Մա­յիս 1968-ին։ Ե­ղած է ձեռ­նար­կու, բա­րե­րար եւ «Աւ­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մա­հիմ­նա­դիր։ ­Նաեւ, ստանձ­նած էր Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան նա­խա­րա­րի (վար­չա­պետ) պաշ­տօ­նը։
Ա­ռե­ւան­գո­ւած է 27 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ին, ­Լա­չի­նի մի­ջանց­քին՝ Ար­ցա­խի այլ բնա­կիչ­նե­րու հետ ­Հա­յաս­տան անց­նե­լու ըն­թաց­քին։

— ԼԵՒՈՆ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ
Ծ­նած է 14 ­Սեպ­տեմ­բեր 1955-ին։ Ե­ղած է բա­նա­կի զօ­րա­վար եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նախ­կին նա­խա­րար, իսկ բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար՝ 2015-2018 տա­րի­նե­րուն։ Ա­ռե­ւան­գո­ւած է 29 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ին, ­Լա­չի­նի մի­ջանց­քին՝ Ար­ցա­խի այլ բնա­կիչ­նե­րու հետ ­Հա­յաս­տան անց­նե­լու ըն­թաց­քին։

­Կա­լա­նա­ւո­րո­ւած քա­ղա­քա­ցի­ներ եւ ռազ­մա­գե­րի­ներ

-ՄԱԴԱԹ ԲԱԴԱՅԵԱՆ
Ծ­նած է 15 ­Սեպ­տեմ­բեր 1952-ին։ 71-ա­մեայ հո­վի­ւը 19 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ի յար­ձա­կու­մէն յե­տոյ յայ­տա­րա­րո­ւած էր որ­պէս ան­հետ կոր­սո­ւած։ 2 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին ­Պա­քուն յայ­տա­րա­րեց ա­նոր կա­լա­նա­ւոր­ման մա­սին։

— ԴԱՎԻԹ ԱԼԱՎԵՐԴԵԱՆ
36 տա­րե­կան։ ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած է 2023-ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ար­ցա­խի մէջ։

— ԼԵՒՈՆ ԲԱԼԱՅԵԱՆ
46 տա­րե­կան։ ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած է 2023-ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ար­ցա­խի մէջ։

— ՎԱՍԻԼԻ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆ
31 տա­րե­կան։ ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած է 2023-ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ար­ցա­խի մէջ։

— ԷՐԻԿ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
39 տա­րե­կան։ ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած է 2023-ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ար­ցա­խի մէջ։

— ԳԱՐԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
52 տա­րե­կան։ ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած է 2023-ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ար­ցա­խի մէջ։

— ՄԵԼԻՔՍԷԹ ՓԱՇԱՅԵԱՆ
52 տա­րե­կան։ ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած է 2023-ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ար­ցա­խի մէջ։

— ԳՈՒՐԳԷՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
37 տա­րե­կան։ ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած է 2023-ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ար­ցա­խի մէջ։

­Դա­տա­վա­րու­թե­նէ ան­ցած եւ դա­տա­պար­տո­ւած գե­րի­ներ

— ՌԱՇԻԴ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆ
Ծ­նած է 2 ­Նո­յեմ­բեր 1962-ին։ ­Կա­լա­նա­ւո­րո­ւած է 1 Օ­գոս­տոս 2023-ին, Ար­ցա­խի ատր­պէյ­ճա­նա­կան պա­շար­ման ըն­թաց­քին, երբ ոտ­քով կ­՚անց­նէր Ա­ղաւ­նոյ գիւ­ղէն, որ նա­խորդ տա­րի ան­ցած էր ատրպէյ­ճա­նա­կան հսկո­ղու­թեան տակ։
12 ­Յու­լիս 2024-ին ­Պա­քո­ւի զի­նո­ւո­րա­կան դա­տա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ձե­ւա­կան դա­տա­վա­րու­թեան ժա­մա­նակ, մե­ղա­ւոր հռչա­կո­ւած է 1990-ա­կան­նե­րու ար­ցա­խեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցե­լու եւ ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու մէջ։ ­Դա­տա­պար­տո­ւած է 15 տա­րո­ւան ա­զա­տազրկ­ման։

— ԴԱՒԻԹ ԴԱՒԹԵԱՆ
Ծ­նած է 5 ­Փետ­րո­ւար 1993-ին։ ­Մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան աշ­խա­տա­կի­ցը ա­ռե­ւան­գո­ւած է (իր հա­մա­խոհ ­Գէորգ ­Սու­ջեա­նի հետ) 11 ­Նո­յեմ­բեր 2020-ին (9 ­Նո­յեմ­բե­րի ե­ռա­կողմ հրա­դա­դա­րի յայ­տա­րա­րու­թե­նէն յե­տոյ) Ար­ցա­խի ­Բեր­ձոր-­Շու­շի ճա­նա­պար­հին վրայ։
28 ­Յու­լիս 2021-ին ­Պա­քո­ւի ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու դա­տա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ձե­ւա­կան դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին, ­Դաւ­թեանն ու ­Սու­ջեա­նը դա­տա­պար­տո­ւած են լրտե­սու­թեան մե­ղադ­րան­քով եւ դա­տա­պար­տո­ւած 15 տա­րուան ա­զա­տազրկ­ման։

— ԳԷՈՐԳ ՍՈՒՋԵԱՆ
Ծ­նած է 21 ­Յու­նո­ւար 1989-ին։ ­Մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան աշ­խա­տա­կի­ցը ա­ռե­ւան­գո­ւած է (իր հա­մա­խոհ ­Դա­ւիթ ­Դաւ­թեա­նի հետ) 11 ­Նո­յեմ­բեր 2020-ին (9 ­Նո­յեմ­բե­րի ե­ռա­կողմ հրա­դա­դա­րի յայ­տա­րա­րու­թե­նէն յե­տոյ) Ար­ցա­խի ­Բեր­ձոր-­Շու­շի ճա­նա­պար­հին վրայ։
28 ­Յու­լիս 2021-ին ­Պա­քո­ւի ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու դա­տա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ձե­ւա­կան դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին, ­Սու­ջեանն ու ­Դաւ­թեա­նը դա­տա­պար­տո­ւած են լրտե­սու­թեան մե­ղադ­րան­քով եւ դա­տա­պար­տո­ւած 15 տա­րուան ա­զա­տազրկ­ման։

— ՎԻԳԷՆ ԷՕԼՃԵՔՃԵԱՆ
Ծ­նած է 12 ­Յու­լիս 1979-ին։ 10 ­Նո­յեմ­բեր 2020-ին, պա­տե­րազ­մի հրա­դա­դա­րը ու­ժի մեջ մտնե­լէն ժա­մեր յե­տոյ, ­Լի­բա­նա­նի մէջ ծնած Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցին ա­ռե­ւան­գուած է Ար­ցա­խի ­Շու­շի քա­ղա­քին մէջ, իր հետ ճամ­բոր­դող լի­բա­նա­նա­հայ ըն­կե­րու­հիին՝ ­Մա­րալ ­Նա­ճա­րեա­նի հետ։
14 ­Յու­նիս 2021-ին, Եա­սա­մա­լի շրջա­նա­յին դա­տա­րա­նէն ներս կա­յա­ցած ձե­ւա­կան դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին, ա­հա­բե­կիչ եւ վարձ­կան ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով դա­տա­պար­տո­ւած է 20 տա­րուան ա­զա­տազրկ­ման։

— ՎԱԳԻՖ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Ծ­նած է 28 ­Հոկ­տեմ­բեր 1955-ին։ ­Կար­միր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէին կող­մէ 29 ­Յու­լիս 2023-ին Ար­ցա­խէն դէ­պի ­Հա­յաս­տան փո­խադ­րու­թեան ըն­թաց­քին, շտապ բժշկա­կան օգ­նու­թիւն ստա­նա­լու նպա­տա­կով, ատր­պէյ­ճան­ցի սահ­մա­նա­պահ­նե­րը ա­նոր ա­ռե­ւան­գե­ցին ­Լա­չի­նի մի­ջանց­քի ան­ցա­կէ­տին վրայ։
Ա­նոր ձե­ւա­կան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը կա­յա­ցաւ 11 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ին, Եա­սա­մա­լի շրջա­նա­յին դա­տա­րա­նին մէջ՝ ­Պա­քո­ւի ռազ­մա­կան դա­տա­ւոր ­Ճա­մալ ­Ռա­մա­զա­նո­վի նա­խա­գա­հու­թեամբ։ Ան­հիմն մե­ղադ­րանք ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ 1990-ա­կան­նե­րու ար­ցա­խեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ­Խո­ջա­լո­ւի ­Մե­շա­լի գիւ­ղին մէջ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» կա­տա­րե­լու մէջ։ 7 ­Նո­յեմ­բե­րին դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ 15 տա­րո­ւան ա­զա­տազրկ­ման։ ­Հե­տա­գայ բո­ղո­քար­կու­մը մեր­ժո­ւե­ցաւ։

— ԱԼԵՈՇԱ ԽՈՍՐՈՎԵԱՆ
56 տա­րե­կան։ ­Ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ 3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2020-ին, Ար­ցա­խի մէջ։
Ա­նոր (եւ ­Լուդ­վիկ Մկրտ­չեա­նի) ձե­ւա­կան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նիս 2021-ին, Եա­սա­մա­լի շրջա­նա­յին դա­տա­րա­նին մէջ։ ­Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ 1990-ա­կան­նե­րու ար­ցա­խեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին գե­րե­վա­րո­ւած ատր­պէյ­ճան­ցի պա­տանդ­նե­րը խոշ­տան­գե­լու մե­ղադ­րան­քը եւ 2 Օ­գոս­տոս 2021-ին դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ 20 տա­րո­ւան ա­զա­տազրկ­ման։

— ԼՈՒԴՎԻԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
54 տա­րե­կան։ ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած է 20 ­Հոկ­տեմ­բեր 2020-ին, Ար­ցա­խի մէջ։ Ա­նոր (եւ Ա­լեո­շա ­Խոս­րո­վեա­նի) ձե­ւա­կան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նիս 2021-ին, Եա­սա­մա­լի շրջա­նա­յին դա­տա­րա­նին մէջ։ ­Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ 1990-ա­կան­նե­րու ար­ցա­խեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին գե­րե­վա­րո­ւած ատր­պէյ­ճան­ցի պա­տանդ­նե­րը խոշ­տան­գե­լու մե­ղադ­րան­քը եւ 2 Օ­գոս­տոս 2021-ին դա­տա­պար­տուե­ցաւ 20 տա­րո­ւան ա­զա­տազրկ­ման։