Ք.Է.

«Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու շար­քը ար­դէն բո­լո­րեց 20-րդ ­գիր­քի ներ­կա­յա­ցու­մը՝ յու­նա­հայ ե­րի­տա­սարդ քա­ղա­քա­կան փոր­ձա­գէտ ­Ճորճ ­Մէ­նէ­շեա­նի «­Զու­գա­հեր կեան­քեր. հա­յե­րը եւ յոյ­նե­րը՝ «միլ­լեթ»էն դէ­պի ազգ-պե­տու­թիւն» գիր­քով։
­Հա­յազ­գի վեր­լու­ծա­բա­նին ա­ռա­ջին հրա­տա­րակ­չա­կան փորձն է այս, որ կ­՚ընդգրկէ մօտ 150 տա­րո­ւան հա­սա­րա­կաց պատ­մու­թիւն մը՝ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան օ­րե­րէն մին­չեւ ներ­կան։ ­Յա­տուկ մաս ըն­ծա­յո­ւած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման թո­ւա­կա­նէն յե­տոյ հաս­տա­տո­ւած միջ­պե­տա­կան բազ­մա­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։
Ն­շենք, որ գիր­քը հրա­տա­րա­կո­ւած է ­Պօ­ղոս ­Խա­չա­տու­րեա­նի մե­կե­նա­սու­թեամբ։
­Ներ­կա­յա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­բաթ, 27 ­Սեպ­տեմ­բեր 2024-ի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի կեդ­րո­նը գտնո­ւող Ա­մե­րի­կեան գո­լէ­ճի սրա­հին մէջ, ո­րուն ներ­կայ ե­ղան մեծ թի­ւով յոյն հան­դի­սա­տես­ներ՝ յատ­կա­պէս ա­կա­դե­մա­կան, հա­մալ­սա­րա­նա­կան եւ պատ­մա­կան գի­տու­թեանց շրջա­նա­կէն։
Ե­լոյ­թը վա­րեց պար­բե­րա­թեր­թի խմբագրա­կան կազ­մի ան­դամ Խ­րիս­թոս ­Ռան­տա­վե­լաս, որ հա­կիրճ խօս­քե­րով ներ­կա­յա­ցուց մին­չեւ օրս կա­տա­րո­ւած հրա­տա­րակ­չա­կան շար­քի ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, ա­ռա­ւել՝ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց «Ար­մե­նի­քա»-ի հրա­տա­րա­կու­թեան, ա­նոր շօ­շա­փած նիւ­թե­րուն եւ պատ­մա­կան տե­սա­շար­քե­րուն։
­Մէ­նէ­շեա­նի գիր­քին մա­սին ա­ռա­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ Կր­թու­թեան եւ կրօ­նից նախ­կին փոխ­նա­խա­րար, խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան, յու­նա­կան եւ օ­տար հա­մալ­սա­րան­նե­րու դա­սա­խօս Ա­կե­լոս ­Սի­րի­ղոս։ Ան նա­խա­պէս իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց ե­րի­տա­սարդ հե­ղի­նա­կին մա­սին, որ ան­ցեա­լին ե­ղած է իր հա­մալ­սա­րա­նա­կան ա­շա­կեր­տը եւ այժմ պա­տիւ կը զգայ խօ­սիլ ա­նոր հե­ղի­նա­կած գիր­քին մա­սին։ ­Յար­գե­լի խօ­սո­ղը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ եր­կու բախ­տա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­սա­րա­կաց եր­թին շուրջ, յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն ը­սե­լով, որ թէ­պէտ ­Հա­յաս­տա­նը կը թո­ւի ըլ­լալ հե­ռա­ւոր եր­կիր մը, սա­կայն հա­յե­րը միշտ մօ­տիկ ե­ղած են յոյն ժո­ղո­վուր­դին։ Ան տո­ւաւ նաեւ են­թա­հո­ղը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ ապ­րած եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կար­գա­վի­ճա­կին, ա­պա պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րով ման­րա­մաս­նեց Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն՝ հա­յե­րուն, յոյ­նե­րուն եւ ա­սո­րի­նե­րուն կրած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու թրքա­կան պե­տու­թեան վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան զա­նա­զան ծալ­քե­րուն վրայ։
­Զե­կու­ցո­ղը մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց ­Ճորճ ­Մէ­նէ­շեա­նի գիր­քը, ո­րուն ըն­թեր­ցու­մը հա­մա­ռօտ՝ բայց միա­ժա­մա­նակ ընդգրկուն կեր­պով կու տայ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւած գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­պատ­կե­րը։
­Յա­ջոր­դա­բար, խօսք ա­ռաւ յոյն-ա­մե­րի­կեան HALC կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծա­դիր տնօ­րէն ­Թա­նոս ­Տա­ւե­լիս, որ իր խօս­քը ա­ռա­ւե­լա­բար կեդ­րո­նա­ցուց ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն մէջ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ HALC-ի մի­ջեւ հաս­տա­տո­ւած եր­կա­րա­մեայ գոր­ծակ­ցու­թեան։ ­Խօ­սո­ղը դրո­ւա­տեց ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ յու­նա­կան հա­մայն­քին հետ զու­գա­հեռ կա­տա­րո­ւող քա­ղա­քա­կան ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս ­Հա­յոց եւ ­Յու­նաց ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ճա­նա­չու­մին ուղ­ղու­թեամբ։
­Վեր­ջին խօս­քը տրո­ւե­ցաւ գիր­քին հե­ղի­նակ ­Ճորճ ­Մէ­նէ­շեա­նին, որ շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քե­րով անդ­րա­դար­ձաւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի ան­մի­ջա­կան ներդ­րու­մին, պատ­մա­կան աղ­բիւր­ներ հայ­թայ­թած հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն եւ կարգ մը ան­ձե­րու, ո­րոնք սա­տա­րե­ցին հրա­տա­րա­կու­թեան ամ­բող­ջաց­ման։ Ան իր խօս­քը կեդ­րո­նա­ցուց վեր­ջին 30-ա­մեա­կի միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ, ընդգ­ծե­լով, թէ ­Կով­կա­սեան տա­րա­ծաշր­ջա­նը սկսած է դառ­նալ շա­հագր­գիռ մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու կռո­ւախն­ձո­րը, ուր ­Հա­յաս­տան կը ստա­նայ իր իւ­րա­յա­տուկ դերն ու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ու­րո­ւագ­ծե­լով մին­չեւ հի­մա հաս­տա­տո­ւած հայ եւ յոյն երկ­կող­մա­նի գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ա­րագ զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ պատ­կե­րա­ցուց ­Յու­նաս­տա­նը ա­ւե­լի գոր­ծուն դեր ստանձ­նե­լու եւ հայ-յու­նա­կան ա­ւան­դա­կան կա­պե­րուն ընդ­մէ­ջէն տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին կեն­սա­կան ներ­կա­յու­թիւն ո­րո­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
­Հե­տաքրք­րա­կան ե­ղաւ նաեւ հարց ու պա­տաս­խա­նի բա­ժի­նը, ո­րուն ըն­թաց­քին լսո­ւե­ցան ու­շագ­րաւ հար­ցադ­րում­ներ, իսկ զրու­ցա­կից­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան ա­ւե­լի ընդ­լայ­նե­լու գիր­քի ներ­կա­յա­ցու­ցած պատ­մա­կան եւ աշ­խա­հա­քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծում­նե­րը։
­Ճորճ ­Մէ­նէ­շեա­նի գիր­քը կա­րե­լի է ստա­նալ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի գրա­սե­նեա­կէն, ինչ­պէս նաեւ «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տան մի­ջո­ցով։