Այս տարի դարձեալ Հայ Կապոյտ Խաչի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ընկերուհիները առիթը ունեցան քոյր մասնաճիւղերու եւ բոլոր ընկերուհիներուն հետ հանդիպելու ակումբիս «Արամ Մանուկեան» սրահէն ներս Չորեքշաբթի օր 17 Յունուարին երեկոյեան ժամը 6-ին, որպէսզի միասնաբար կտրեն 2024-ին ամանօրեայ գաթան եւ մասնակցին անդամական առաջին ժողովին:
Ընկերուհի Նայիրի Գույումճեան իր բացման խօսքէն ետք, ուր ներկայացուց նորակազմ դիւանը եւ վարչութեան անցեալի եւ ապագայի ձեռնարկները, հրաւիրեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան, որպէսզի որհնէ գաթան եւ իր սրտին խօսքը փոխանցէ ներկաներուն, ապա հրաւիրեց ընկերուհի Իսկուհի Ճամուզեանը, որպէսզի տէր հօր հետ միասին կտրեն գաթան:
Վարչութեանս ընկերուհիները իրենց պատրաստած հիւրասիրութիւնը հրամցնելէ ետք, հրաւիրեցին Ճէնազեան երկրորդական վարժարանի աշակերտները, որպէսզի ներկայացնեն իրենց պատրաստած յայտագիրը ղեկավարութեամբ տիկ. Արշալոյս Սափրիչեանի:
Յայտագիրը կը բովանդակէր դաշնամուրի վրայ նուագներ, հայկական պարեր եւ երգեր անոնց մէջ ըլլալով Սուրբ Ծննդեան Աւետիսը:
Այս տարուայ շքեղօրէն զարդարուած սրահը, համեղ ուտեստեղէնները, առատ գինին եւ երիտասարդներուն ներկայացուցած յայտագիրը ամբողջութեամբ կազմած էին հաճելի ներդաշնակ երեկոյ մը:
ԹՂԹԱԿԻՑ