Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութիւնը բարի գալուստի այցելութիւն տուաւ Յունահայոց թեմի Առաջնորդ Տ. Սահակ Ծ.Վրդ Եմիշեանին, Առաջնորդարանէն ներս Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2024-ին։
Հանդիպումը առիթ մըն էր նաեւ ծանօթանալու նորընտիր առաջնորդին հետ:
Վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Լիզա Աւագեան բարի գալուստ մաղթելէն ետք, շնորհաւորեց Հայր Սուրբը, Թեմիս առաջնորդական ընտրութեան համար: Ապա նաեւ անդրադարձաւ միութեան գործելաձեւին ու գործունէութեան:
Առաջնորդ Հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Հայ Կապոյտ Խաչի միութեան, իր տարած աշխատանքներուն համար, որոնց նպատակն է օգնութեան հասնիլ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն եւ ծառայել նոր սերունդի հայակրթութեան։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութիւնը այցելեց Յունահայոց թեմի Առաջնորդին