Այս թի­ւով, ան­գամ մը եւս, «Ա­զատ Օր»-ը իր է­ջե­րը կը տրա­մադ­րէ յու­նա­հայ գա­ղու­թի Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան։
­Յա­ճախ ը­սո­ւած ու գրո­ւած խօսք է, թէ՝ «­Հա­յակրթու­թիւ­նը այս գա­ղու­թին աչ­քին լոյսն է»։ Ի­րօք, տա­րագ­րու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րէն, վրան­նե­րու եւ հիւ­ղակ­նե­րու թշո­ւա­ռու­թեան մէջ, մին­չեւ այ­սօ­րո­ւան շքեղ, լայն ու պար­ծանք առ­թող կրթա­կան օ­ճախ­նե­րը, յու­նա­հայ գա­ղու­թի ա­մէն մէկ հայ­րե­նա­կի­ցի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ե­ղած է կան­գուն պա­հել հայ դպրու­թեան սիւ­նե­րը, հայ մա­նու­կին ու պա­տա­նիին շրթնե­րուն վրայ դայ­լայ­լող ձայ­նի վե­րա­ծել մեր մայ­րե­նին, իր քաղց­րահն­չիւն մե­ղե­դիով։
Այ­սօ­րո­ւան է­ջե­րուն մէջ կը խօ­սին մեր տնօ­րէն­ներն ու ու­սու­ցիչ­նե­րը, ա­նոնք ո­րոնց վրայ դրո­ւած է գերզ­գա­յուն պարտ­քը՝ հա­յօ­րէն դաս­տիա­րա­կե­լու մատ­ղաշ սե­րուն­դը եւ հասց­նե­լու գի­տա­կից հա­յոր­դի­ներ, կազ­մա­ւո­րո­ւած քա­ղա­քա­ցի­ներ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ա­նոր ար­դար ­Դա­տին նո­ւի­րեալ շար­քեր, հայ լե­զո­ւի ու մշա­կոյ­թի ար­ժէք­նե­րու ջա­տա­գով­ներ, հայ­րե­նի հո­ղի ան­դի­մադ­րե­լի ու­ժին հա­ւա­տա­ցող ամ­բող­ջա­կան տի­պար­ներ։
Այ­սօ­րո­ւան խօս­քը կը պատ­կա­նի հա­յե­ցի կրթու­թեամբ զբա­ղող կրթա­կան մշակ­նե­րուն։ Ա­նոնք, ո­րոնք հայ դպրո­ցի ա­ռօ­րեան կը վե­րա­ծեն կեն­դա­նի ու խօ­սուն մթնո­լոր­տի, հա­յա­բոյր օ­ճա­խի եւ ազ­գա­յին դարբ­նո­ցի։
­Մեր դպրոց­նե­րուն ա­պա­գան բո­լո­րիս սիր­տի պարտքն է։ Ու­սու­ցիչ, ծնողք, ազ­գա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­ներ, բո­լո­րը միաս­նա­բար — ինչ­պէս տաս­նա­մեակ­նե­րով ա­պա­ցու­ցած է այս գա­ղու­թը -, զարկ տանք մատ­ղաշ սե­րունդ­նե­րու հա­յա­հա­ւա­քին ու կրթա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թեան։
­Մեր վար­ժա­րան­նե­րուն դռնե­րը բաց են բո­լո­րին առ­ջեւ։ ­Մեր զա­ւակ­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դենք այդ դար­պա­սէն ներս։
­Հոն կը սպա­սէ տար­բեր աշ­խարհ մը, հա­յու հա­րա­զատ աշ­խար­հը։