Հինգշաբթի՝ 12 Դեկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ թիւ 150 բանաձեւի քուէարկութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման ստեղծած արձագանգը լայն տեղ գտաւ յունական մամուլին մէջ, յատկապէս համացանցին վրայ լոյս տեսնող առաջնակարգ մամուլի կայքէջերուն մէջ։ Բանաձեւի քուէարկութենէն ետք, անոնք անմիջապէս հրատարակեցին այս կարեւոր իրադարձութիւնը, մասնաւորապէս շեշտելով Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը որոշումին դէմ։
Նաեւ, անոնք տեղ տուին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ հաղորդագրութեան, որ արդէն լոյս տեսաւ «Ազատ Օր»ի 13 Դեկտեմբերի թիւին մէջ, յատնշականօրէն յայտնելով թէ, «Յունաստան հայերը կ՚ողջունեն Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի քուաէրկութեան արդիւնքը»։ Հայ դատի յանձնախումբի անդամները հարցազրոյցներ տուին կայաններուն եւ կայքէջերուն, ինչպէս՝ Καναλι 1 Πειραιά, Sigmalife, One channel, Open, Alpha եւ Livemedia լրատուամիջոցներուն, մանրամասնօրէն բացատրելով բանաձեւի ընդունման գործընթացը, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերու եւ այլ անձնաւորութիւններու կատարած հետեւողական աշխատանքը ամերիկեան քաղաքականութեան շրջանակներուն մօտ, Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը եւ բանաձեւի անդրադարձը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան վրայ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Հայ Դատ Հայ դատի ներկայացումները եւ յունական մամուլի անդրադարձը Ծերակոյտի որոշումին համար
Հայ դատի ներկայացումները եւ յունական մամուլի անդրադարձը Ծերակոյտի որոշումին համար
Հայ դատի ներկայացումները եւ յունական մամուլի անդրադարձը Ծերակոյտի որոշումին համար