Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2022-ին, Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ ներկայ եղան, խօսք առին եւ դափնեպսակներ զետեղեցին Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչական հաւաքներուն, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի անվերապահ զօրակցութիւնը Պոնտոսի յոյն բնակչութեան՝ կրած սպանդին համար, որ տեղի ունեցաւ 20-րդ դարու առաջին տարիներուն, զուգահերաբար հայ ժողովուրդի եւ Արեւելքի այլ ազգային հաւաքականութիւններուն վրայ գործուած եղեռնագործութեան, նոյն ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ։ Նշենք, որ Հայաստանն ու Յունաստանը պաշտօնապէս ճանչցած են երկու ազգերու ցեղասպանութիւնները եւ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցանեն տարեկան ոգեկոչումներուն։ Աթէնքի մէջ, ոգեկոչական կեդրոնական ելոյթը տեղի ունեցաւ 19 Մայիսի երեկոյեան, Սինտաղմայի Անծանօթ զինուորի յուշադամբանին առջեւ, ուր ներկայ գտնուեցաւ Հայ դատի յանձնախումի պատուիրակութիւն մը եւ իր յարգանքի արտայայտութիւնը կատարեց ի յիշատակ աւելի քան 350.000 պոնտացի յոյներուն։ Այլ պաշտօնական ներկայացուցիչներու կարգին, յանձնախումբի անունով դափնեպսակ զետեղեց ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, իսկ յանձնախումբի անդամները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին պոնտական համահելլենական միութեան պատասխանատուներուն։ Յաջորդեց ժողովրդային երթ եւ բողոքի ցոյց դէպի թրքական դեսպանատուն։ Նշենք, որ սոյն ելոյթներուն նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան ներկայացուցչութիւն մը։ Թեսաղոնիկէի մէջ, պոնտական զեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ նոյնանման ելոյթ մը, որուն Հայ դատի յանձնախումբի անունով մասնակցեցաւ ընկ. Տիգրան Սարգսեան։ Ելոյթի ընթացքին, ան խօսք առնելով դատապարտեց հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ցեղասպանութինները եւ մատնաշեց Թուրքիոյ անպատժելի մնալու իրողութիւնը, որ պատճառ դարձաւ Կիպրոսի մէջ ներխուժումին եւ կը շարունակուի մինջեւ այսօր Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմով եւ տարածաշրջանէն ներս ռազմաքաղաքական գրգռութիւններով։ Թեսաղոնիկէի մէջ եւս, տեղւոյն Հ.Յ.Դ. երիտասարդական խումբի անդամներ իրենց մասնակցութիւնը բերին իրագործուած ելոյթներուն։