Շաբաթ, 29 Մարտ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Գոմոթինիի մէջ տեղի ունեցաւ տեղւոյն «էրէբունի» մասնաճիւղի նոր վարչութեան ընտրութիւնը, համայնքի սրահէն ներս։
Ընտրութեան ներկայ գտնուեցան շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան, ինչպէս նաեւ Հայ Գթութեան Խաչի մասնաճիւղի անդամները։
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց շրջանաւարտ վարչութեան անդամուհիներէն ընկ. Լիլի Մաթինեան, ներկայացնելով Հայ Գթութեան Խաչի 73-րդ Պատգամաւորական ժողովի որոշումներու շրջագիծը, ապա հոգեւոր հովիւը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ամբողջ աշխարհի մէջ Հայ Գթութեան Խաչին դերին որպէս մայր, որ կը հոգայ հայ ժողովուրդին եւ իր զաւակներուն, նայելով դէպի ապագայ սերունդները։ Յատուկ շեշտ դրաւ իւրաքանչիւր անհատի մասնակցութեան, ամէն մէկը իր կարելին տալու համար, միութեան խնամատարական եւ ազգանուէր գործունէութեան բաժին ընծայած ըլլալով իր բարոյական նուիրումի կամ նիւթական օժանդակութեան մատուցումով։
Աւարտին, մասնաճիւղի անդամները կատարեցին նոր վարչութեան ընտրութիւն, ապա ջերմ մթնոլորտի մէջ շնորհաւորեցին ընտրուած ընկերուհիները եւ անոնց մաղթեցին յաջող գործունէութիւն։
ԹՂԹԱԿԻՑ