Գալամաթայի մէջ ապրող հայկական համայնքը, գլխաւորութեամբ տեղւոյն քաղաքապատարանի եւ Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարանին, նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը յարգանքի հրապարակային ելոյթով մը, որ իրագործուեցաւ Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան։
Քաղաքի կեդրոնը գտնուող Ֆրակոլիմնա հրապարակին վրայ, քանի մը տարիներէ ի վեր կանգնած է հայկական խաչքար-յուշարձանը, յաւերժացնելու համար հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութիւնը, փոքրասիական աղէտէն ետք տարագիր հայութեան պատսպարումը Գալամաթայի մէջ եւ մերօրեայ հայկական համայնքի համագոյակցութիւնն ու բարգաւաճումը շրջանէն ներս։
Ոգեկոչական ելոյթին նախագահեց Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, իր կողքին ունենալով Տ. Պարէտ եւ Տ. Նարեկ քահանայ հայրերը, որոնք միասնաբար կատարեցին բարեխօսական կարգը։ Նաեւ յունահայ համայնքին անունով մասնակից դարձաւ ընկ. Թագւոր Յովակիմեան, իսկ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբը կը ներկայացնէր ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան։
Ամէն տարուան նման, յարգանքի ելոյթին իր ներկայութիւնը կը հաստատէ հայ ժողովուրդի բարեկամ Մեսինիայի մետրոպոլիտ Խրիսոսթոմոս, իսկ անոր կողքին գտնուեցան մարզպետական, քաղաքապետական, զինուորական, ոստիկանական եւ հասարակական կարգերու բարձր ներկայացուցիչները։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ կրօնական դասը կատարեցին բարեխօսական կարգի աղօթքները։ Յաջորդաբար, ուղերձներով հանդէս եկան Գալամաթայի քաղաքապետ Աթանասիոս Վասիլոփուլոս, երեսփոխան Միլթոս Խրիսոմալիս եւ փոխնահանգապետ Մարիա Իքոնոմաքու։ Օրուան պատշաճ ուղերձով մը արտայայտուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան։ Իր խօսքի սկիզբին, ան կատարեց հակիրճ պատմական նշումներ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որ աւելի յետոյ առաջնորդեց այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնաջնջման, հասնելով մինչեւ Կիպրոսի ապօրինի գրաւումը եւ Արցախի հայաթափումը։ Խօսողը անդրադարձ կատարեց Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանաչման որոշումին, ամրապնդելով երկու եղբայրակից ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը։ Իր խօսքը ամփոփեց նշելով Գալամաթայի հայութեան ներկայութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը, որուն կենդանի օղակը կը հանդիսանայ հայկական խաչքարի կանգնումը հրապարակին վրայ, ուր ամէն տարի կը կատարուի ոգեկոչում մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին։
Խօսքերու աւարտին, յաջորդեց դափնեպսակներու զետեղում, ապա քաղաքապետարանի փողերախումբը հնչեցուց զոյգ ոգերգները։
Նշենք, թէ գոհաբանական ելոյթէն առաջ, Մեսինիայի մետրոպոլիտը հիւրընկալեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ իր շքախումբը։ Սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, փոխանակուեցան մաղթանքներ, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հայ եւ յոյն պատմական ու կրօնական կապերու առկայութեան, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներու մշակման մասին։










