­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­վե­րա­պահ բա­րե­կամ ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի ան­նա­խըն­թաց պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յու­թեամբ եւ զօ­րակ­ցա­կան կուռ խօս­քով յատ­կանշո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի մէջ ի­րա­գոր­ծուած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-ա­մեա­կի ո­գե­կո­չա­կան մե­ծա­շուք նշու­մը, Ա­թէն­քի ե­րաժշ­տա­նո­ցի շքեղ սրա­հին մէջ։
Այս տա­րի, ո­գե­կո­չա­կան հա­ւա­քը նո­ւի­րո­ւած էր նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նաչ­ման 30-ա­մեա­կին։ Ե­լոյ­թը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­տի­կէի մարզ­պե­տա­րա­նի հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ։
­Կի­րա­կի, 26 Ապ­րիլ 2026-ի ա­ռա­ւօ­տուն, ե­րաժշ­տա­նո­ցի ըն­դար­ձակ սրա­հը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ բեր­նէ բե­րան լե­ցուն ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեամբ, որ կա­նու­խէն փու­թա­ցած էր յար­գե­լու հա­մար յի­շա­տա­կը մեր ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րուն։ Ս­րա­հի մուտ­քին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան խում­բը պա­տո­ւի կ­՚առ­նէր ժա­մա­նող հիւ­րե­րը, իսկ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը կը տրա­մադ­րէին գե­ղա­տիպ յայ­տա­գի­րը, ինչ­պէս նաեւ տե­ղե­կա­տուա­կան պրակ մը, ո­րուն մէջ տեղ գտած էին հա­յոց պատ­մու­թեան կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը։
Ի­րենց բարձր ներ­կա­յու­թեամբ ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան, ա­կա­դե­մա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ կրօ­նա­կան ո­լոր­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
Ո­րո­շեալ ժա­մուն մուտք գոր­ծեց ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ բա­րե­կամ ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս, իր կող­քին ու­նե­նա­լով ­Յու­նաս­տա­նի ­Զի­նեալ ու­ժե­րու պետ զօր. ­Տի­միթ­րիոս ­Խու­փիսը, երկ­րի նա­ւա­յին ու­ժի ընդհ. պետ զօր. ­Տի­միթ­րիոս ­Քա­թա­րասը եւ քա­նի մը տաս­նեակ բարձ­րաս­տի­ճան սպա­ներ։ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը կը ներ­կա­յաց­նէր ե­րես­փո­խան եւ հայ-յու­նա­կան միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան նա­խա­գահ ­Վա­սի­լիս Ի­քո­նո­մու։ ­Նաեւ, խորհր­դա­րա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կը ներ­կա­յա­ցո­ւէին ծա­նօթ ե­րես­փո­խան­նե­րու կող­մէ, ինչ­պէս ­Փաւ­լոս Խ­րիս­թի­տիս, ­Քա­թե­րի­նա ­Նո­թո­փու­լու, Ս­թի­լիա­նոս ­Ֆո­թո­փու­լոս, Ա­թի­նա ­Լի­նու, Ա­թա­նա­սիոս ­Խալ­քիաս եւ ու­րիշ­ներ։
Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Ար­քե­պիս­կո­պո­սը կը ներ­կա­յաց­նէր Խ­րի­սոս­թո­մոս ե­պիս­կո­պո­սը։ ­Յու­զիչ էր ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ բա­րե­կամ Ա­թոս­թո­լոս ­Քաք­լա­մա­նի­սի։
­Ներ­կայ էր նաեւ Ա­տի­կէի փոխ­մարզ­պետ ­Խա­րա­լամ­պոս Ա­լեք­սանտ­րա­թոս, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, ­Տիս­թո­մո­յի քա­ղա­քա­պետ Իոանն­իս Ս­թա­թաս եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ։ Օ­տար հիւ­րե­րուն մէջ կա­րե­լի էր նշմա­րել դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ դես­պան­ներ, հիւ­պա­տոս­ներ եւ ռազ­մա­կան կցորդ­ներ։ ­Յու­նաս­տա­նի ա­կա­դե­մա­կան ո­լոր­տի հան­րա­յայտ դա­սա­խօս­ներ, պոն­տա­կան ու ա­սո­րա­կան միու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ եւս ե­կած էին պա­տո­ւե­լու ո­գե­կոչ­ման ե­լոյ­թը։
­Հայ­կա­կան կող­մէն, հիւ­րե­րու շար­քը կը գլխա­ւո­րէր ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան. ա­նոր կող­քին կանգ­նած էին ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Մի­քա­յէլ վրդ. ­Պա­սա­լէ, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, կրօ­նա­կան դա­սը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Հ.Կ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ ­Նաեւ, իր ներ­կա­յու­թեամբ ո­գե­կո­չա­կան հա­ւա­քը պա­տո­ւեց Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. ռազ­մա­կան կցոր­դ գնդապետ Արմէն Միրզաբէկեան։
­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րու հնչու­մէն ետք, վայր­կեա­նի մը յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գո­ւե­ցաւ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը։
Ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին ցու­ցադ­րո­ւե­ցան եր­կու տար­բեր տե­սա­նիւ­թեր. սկիզ­բը ներ­կա­յա­ցո­ւած տե­սա­նիւ­թը պատ­մա­կան անդ­րա­դարձ մըն էր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­գործ­ման եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին, միա­ժա­մա­նակ ցոյց կու տար հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ո­գին, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւանք­նե­րը։
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վարն էր ընկ. ­Սեր­գօ ­Ման­կո­յեան, որ քա­ղա­քա­կան բո­վան­դա­կու­թեան իր խօս­քով բնո­րո­շեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­ժա­ման­ցե­լիու­թիւ­նը եւ նշեց մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման շրջա­գի­ծը։ Ըն­կե­րը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խի վրայ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան մա­սին, որ­պէս ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րի շա­րու­նա­կու­թիւն, որ ան­պա­տիժ կը մնայ մին­չեւ այ­սօր։ ­Խօ­սո­ղը յա­տուկ նշում կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին, ո­րուն 30-ա­մեա­կը կազ­մեց նաեւ ե­լոյ­թի գլխա­ւոր նիւ­թե­րէն մին։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը կը տրո­ւի ա­ռան­ձին։
­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Ա­տի­կէի մարզ­պե­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Եոր­ղոս Վ­լա­խոս, որ իր ու­ղեր­ձին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին մա­սին։ ­Յա­ջոր­դա­բար, խօսք ուղ­ղեց ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Վա­սի­լիս Ի­քո­նո­մու, որ դրո­ւա­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դը ու ա­նոր գո­յա­տե­ւե­լու կամ­քը, միա­ժա­մա­նակ լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ միջ­խորհրդա­րա­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րին հրա­ւէ­րով, սրա­հի բե­մը ո­ղո­ղո­ւե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու տաս­նեակ ա­շա­կերտ­նե­րով, ա­մէն մէ­կը իր ձե­ռին ու­նե­նա­լով ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք։ ­Ման­կա­կան երգ­չա­խում­բը, որ կը ղե­կա­վա­րէր ծա­նօթ ե­րա­ժիշտ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան տպա­ւո­րեց հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան եր­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով, մինչ ժո­ղո­վուր­դի քա­ջա­լե­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի կը խրա­խու­սէին մեր փոք­րիկ կա­տա­րող­նե­րը։ Չ­կար ա­ւե­լի ցայ­տուն ու սրտին խօ­սող տե­սա­րան մը, քան հայ նո­րա­հաս սե­րուն­դի հպարտ կանգ­նու­մը սրա­հին մէջ, որ­պէս պայ­քա­րի, գո­յա­տեւ­ման ու ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան ու­ղեր­ձը ար­տա­սա­նեց ընկ. Ար­մէն ­Չա­քա­լեան, որ շեշ­տա­կի ո­ճով յայտ­նեց հայ ե­րի­տաս­դու­թեան անն­կուն կամ­քը՝ շա­րու­նա­կել պայ­քա­րը մին­չեւ վերջ­նա­կան ար­դա­րու­թիւն։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը եւս կը տրո­ւի ա­ռան­ձին։
Օ­րո­ւան խօ­սողն էր ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս, որ իր հա­յա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րը յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն։ ­Նա­խա­րա­րը յատ­կա­պէս նշեց հե­տե­ւեալ­նե­րը. «111 տա­րի յե­տոյ՝ 1915-ի Ապ­րիլ 24-էն ետք, մենք կը յար­գենք այն օ­րը, երբ թրքա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ազ­գա­յին միա­տար­րու­թեան ա­նո­ւան տակ, ան­տե­սեց, ար­հա­մար­հեց եւ ոտ­նա­հա­րեց մարդ­կա­յին ա­մէն սկզբունք եւ ձեռ­նար­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մա­կար­գո­ւած — ­կը կրկնեմ, հա­մա­կար­գո­ւած — բ­նաջնջման։
Այ­սօր մենք նաեւ կը յար­գենք այս ցե­ղա­յին մաք­րա­գործ­ման ա­մե­նէն մեծ զո­հե­րէն մէ­կը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը։ Եր­կար պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող ժո­ղո­վուրդ մը՝ հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին հա­րուստ ըն­թաց­քով։ ­Ժո­ղո­վուրդ մը, որ ըն­դու­նեց քրիս­տո­նէու­թիւ­նը որ­պէս պե­տա­կան կրօն, իր ինք­նու­րոյն լե­զո­ւով —­ որ քիչ ա­ռաջ լսե­ցինք —­ իր այ­բու­բե­նով, ա­մուր եւ նշա­նա­կա­լից ինք­նու­թեամբ։ ­Ժո­ղո­վուրդ մը, որ մե­զի՝ յոյ­նե­րուս հետ, կողք կող­քի ըն­թա­ցաւ։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը պատ­ժեց թուրք ղե­կա­վար­նե­րը՝ ­Թա­լէա­թը, ­Ճե­մա­լը, ­Շա­քի­րը, Էն­վէ­րը — ­գու­ցէ ա­մէ­նէն վա­տը՝ որ­պէս զի­նո­ւո­րա­կան հրա­մա­նա­տար։ ­Սա­կայն, հա­յե­րը չեն մոռ­ցած։ ­Մենք ալ, այս­տեղ՝ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն եւ փոք­րա­սիա­կան ա­ղէ­տէն ետք, ըն­դու­նե­ցինք տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հայ եղ­բայր­ներ՝ գաղ­թա­կան­ներ, ո­րոնք ար­մա­տա­խիլ ե­ղան ի­րենց հայ­րե­նա­կան օ­ճախ­նե­րէն։
­Չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է նշել, թէ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ հայ հա­մայն­քը ա­ճե­ցաւ, ծաղ­կե­ցաւ, ստեղ­ծա­գոր­ծեց, ներդ­րում ու­նե­ցաւ, կ­՚ապ­րի մե­զի հետ եւ կը կի­սէ մեր ճամ­բան՝ դէ­պի եւ­րո­պա­կան ­Յու­նաս­տա­նի ա­պա­գան, զոր կը փա­փա­քինք, կը ցան­կանք եւ կը սա­տա­րենք, որ մեր բա­րե­կամ ­Հա­յաս­տա­նը եւս բաժ­նեկ­ցի։
Ան­ցած են տաս­նա­մեակ­ներ, ան­ցած են շատ տա­րի­ներ։ ­Բայց, ինչ­պէս ը­սի, ան­կեղ­ծօ­րէն չենք մոռ­ցած։ ­Ցա­ւով պէտք է ը­սեմ, որ մարդ­կու­թիւ­նը դաս չքա­ղեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն։ ­Հե­տա­գա­յին, ծայր ա­ռին ու­րիշ ո­ճիր­ներ եւս՝ Ող­ջա­կի­զու­մը Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, իսկ ա­ւե­լի վերջ՝ ցա­ւա­լիօ­րէն ­Ռո­ւան­տա­յի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ ­Բայց, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, որ ժա­մա­նա­կին պատ­շաճ կեր­պով չդա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ, թոյլ տո­ւաւ այս ա­մօ­թա­լի շա­րու­նա­կու­թեան։
Այ­սօր մենք կը կանգ­նինք հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­քին։ ­Կը կանգ­նինք ­Հա­յաս­տա­նի կող­քին՝ յար­գան­քով, հա­մե­րաշ­խու­թեամբ, պատ­մա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մով։ ­Կը մա­տու­ցենք յար­գան­քի եւ պա­տի­ւի տուրք ա­նոնց, ո­րոնք այն ժա­մա­նակ կորսն­ցու­ցին ի­րենց կեան­քը, ա­նոնց հա­րա­զատ­նե­րուն, ո­րոնք այ­սօր կ­՚ապ­րին։ ­Կը խո­նար­հինք հայ ժո­ղո­վուր­դի տո­կու­նու­թեան առ­ջեւ, որ չընկր­կեց, չվե­րա­ցաւ եւ կեր­տեց ժա­մա­նա­կա­կից պե­տու­թիւն մը»։
­Յա­ջոր­դեց երկ­րոդ տե­սա­նիւ­թը, այս ան­գամ նշում ը­նե­լով ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին։ ­Տե­սա­նիւ­թին մէջ խօսք ա­ռին խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ Ա­փոս­թո­լոս ­Քա­քա­լա­մա­նիս, ո­րուն պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան օ­րօք տե­ղի ու­նե­ցաւ ճա­նա­չու­մը, ինչ­պէս նաեւ օ­րի­նա­գի­ծի ներ­կա­յաց­ման գլխա­ւոր քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րո­թիւն եւ նախ­կին վար­չա­պետ Ան­տո­նիս ­Սա­մա­րաս։ Եր­կու խօ­սող­նե­րը յու­զու­մով այ­տա­յայ­տո­ւե­ցան ճա­նաչ­ման յա­ջո­ղու­թեան մա­սին, դրո­ւա­տե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նիք­նե­րը։
Ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյ­թի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը փայ­լե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած «ՆԷ» քա­ռեա­կի ներ­կա­յա­ցու­մով։ ­Չորս շնոր­հա­լի կա­նանց ձայ­նե­րով, խում­բը մեկ­նա­բա­նեց ­Կո­մի­տա­սի եւ այլ յօ­րի­նող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք յու­զու­մի ա­լիք­ներ բարձ­րա­ցու­ցին սրա­հին մէջ, տպա­ւո­րե­լով յոյն ներ­կա­նե­րը։
Ե­լոյ­թի ա­ւար­տէն ա­ռաջ յար­գե­լու հա­մար ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի պատ­մա­կան ո­րո­շու­մի 30-ա­մեա­կը, ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դը եւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեան յի­շա­տա­կի քան­դակ մը նո­ւի­րե­ցին խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ե­րես­փո­խան Վ. Ի­քո­նո­մո­ւին: ­Յու­շա­նո­ւէ­րը պատ­րաս­տո­ւած էր ար­հես­տա­գէտ ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեա­նի ձեռ­քով:
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րի ազ­դան­շա­նին հե­տե­ւե­լով, պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը քայ­լերթ կա­տա­րե­ցին դէ­պի ­Սին­տաղ­մա­յի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նը։ ­Քայ­լար­շա­ւի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը հնչէր Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­կան փո­ղե­րա­խում­բին կող­մէ, ո­րուն կը յա­ջոր­դէին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րու եր­կար շար­քե­րը, հպար­տօ­րէն պար­զած ըլ­լա­լով ազ­գա­յին դրօշ­նե­րը։
Ս­կաուտ­նե­րու նո­ւա­գա­խում­բը եւս հնչե­ցուց կշռու­թա­ւոր ե­ղա­նակ­ներ, իսկ ե­տին՝ կը հե­տե­ւէին պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու խում­բը եւ ժո­ղովր­դա­յին բազ­մա­հա­րիւր հա­մախմ­բու­մը։ ­Տի­րա­կան էր Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան ան­դամ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնք մե­ծա­դիր պաս­տառ­նե­րով կը յայտ­նէին ի­րենց պա­հան­ջա­տի­րա­կան կամ­քը։ Ի տես պար­զո­ւած տպա­ւո­րիչ տե­սա­րա­նին, ան­ցորդ­նե­րու եւ վա­րորդ­նե­րու հիա­ցու­մը յայտ­նո­ւե­ցաւ ջերմ զգա­ցում­նե­րով եւ հա­յա­սի­րա­կան կե­ցո­ւած­քով։
Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին առ­ջեւ ար­դէն պա­տո­ւի կանգ­նած էր ­Յու­նաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու խառն ջո­կատ մը, զի­նո­ւո­րա­կան նո­ւա­գա­խում­բի ներ­կա­յու­թեամբ։ Հ­րա­պա­րա­կը լե­ցուն էր յոյն եւ օ­տար ներ­կա­նե­րով, ո­րոնք միա­խառ­նո­ւե­ցան հայ բազ­մու­թեան հետ եւ ա­կա­նա­տես ե­ղան ո­գե­կո­չա­կան յու­զիչ ա­րա­րո­ղու­թեան։
­Յա­ջոր­դա­բար, դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղուե­ցաւ կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խա­րար Եան­նիս ­Լո­վեր­տո­սի կող­մէ։ Ա­նոր յա­ջոր­դե­ցին խորհր­դա­րա­նի, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, զի­նեալ ու­ժե­րու, ­Կիպ­րո­սի դես­պա­նա­տան, ­Կար­միր խա­չի, պոն­տա­կան միու­թեանց եւ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու յար­գան­քի խո­նար­հու­մը։ ­Յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց ընկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան-­Գո­լա­նեան։
­Նո­ւա­գա­խում­բը հնչեցուց ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րը, մինչ ներ­կա­նե­րը միա­բե­րան եր­գե­ցին, ստեղ­ծե­լով յու­զու­մի եւ վե­րաց­ման պա­հեր, յար­գե­լով յի­շա­տա­կը ա­նոնց, ո­րոնք ին­կան հա­յու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած ա­մե­նա­մեծ ո­ճի­րի օ­րե­րուն։
­Պա­հա­կա­խում­բի պատ­շաճ ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը մօ­տե­ցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րու տպա­ւո­րիչ խում­բին եւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յայտ­նե­ցին ա­նոնց ան­թե­րի ներ­կա­յու­թեան հա­մար։