Անի Արզումանեան

110 տա­րի ա­ռաջ՝ հա­մա­թու­րա­նաց­ման գա­գաթ­նա­կէ­տի սկիզ­բը։ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։
­Մենք ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը չենք ան­ցու­ցած, բայց յի­շո­ղու­թիւն­ներ ձեռք բե­րինք լսե­լով մեր պա­պե­րուն եւ ծնող­նե­րուն պատ­մու­թիւն­ներն ու վկա­յու­թիւն­նե­րը։
Ա­նոնք, ո­րոնք կրցան ա­պաս­տա­նիլ ան­ծա­նօթ եր­կիր­ներ, եւ դժո­ւար պայ­ման­նե­րէն ան­կախ, փոք­րիկ ­Հա­յաս­տան մը ստեղ­ծե­ցին, որ պի­տի ապ­րեց­նէին յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը. ին­ծի, մե­զի, այն­պէս ինչ­պէս որ ի­րենք ալ ապ­րե­ցան, մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լով` ա­ւան­դու­թիւ­նը, լե­զուն, կրօնքն ու պատ­մու­թիւ­նը։
­Շատ ան­գամ մենք մե­զի հարց տո­ւած ենք, թէ ով դի­մագ­րա­ւեց ա­ւե­լի դժո­ւար ի­րա­կա­նու­թիւն։ ­Մե՞նք, որ պէտք էինք «պահ­պա­նել փոքր ­Հա­յաս­տա­նը» օ­տար ա­փե­րու եւ ազ­գե­րու քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ, թէ՞ ա­նոնք, ո­րոնք ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը ապ­րե­լով, հայ­րե­նի­քէն դուրս ստեղ­ծե­ցին նոր հայ­րե­նիք մը դժո­ւար եւ ան­տա­նե­լի պայ­ման­նե­րու տակ։
Ա­ւե­լի խոր մտա­ծե­լով, հասկ­ցանք, որ կաս­կա­ծէ վեր է պա­տաս­խա­նը։
­Մեր դե­րը յստակ էր եւ կող­մո­րո­շիչ։ Չ­թո­ղե­ցինք, որ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը մնան միայն վատ յու­շեր, ո՛չ ալ պատ­մու­թիւն մը դա­ժան վեր­ջա­ւո­րու­թեամբ։ ­Դար­ձանք յոյ­սի կայ­ծը, որ պի­տի դառ­նար ն­ որ սկիզ­բի մը յոյ­սը։
«­Մե­ծաց­նել փոքր ­Հա­յաս­տա­նը»։
­Հայ­րե­նի­քի եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կը վառ պա­հե­լով մեր մտքե­րուն մէջ, զայն ծա­նօ­թաց­նե­լով այն աշ­խար­հը։ ­Պայ­քա­րե­լով ա­նա­չառ։
­Միայն ա­նար­դա­րու­թիւնն է, որ կը հիւ­ծէ մեր սրտե­րը. որ ծա­րա­ւը ու­նի ար­դա­րու­թեան։
­Ցոյ­ցեր, ե­լոյթ­ներ, խօս­քեր եւ զգաս­տաց­ման բո­լոր գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը կը շեշ­տեն ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման կա­րի­քը հա­մաշ­խա­րա­յին հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ։
Եւ ե­թէ ոե­ւէ մէ­կը ինք­զին­քին հարց տայ թէ ին­չո՞ւ՝ մենք, նոր սե­րունդն է պա­տաս­խա­նը։
­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը չէր մնա­ցած ու պի­տի չմնայ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դի հար­ցը կամ խնդի­րը միայն ա­նոնց ո­րոնք վե­րապ­րե­ցան, այլ ան ամ­բողջ մարդ­կու­թեան կը պատ­կա­նի։ ­Միայն պատ­մա­կան ող­բեր­գու­թեան էջ մը չէ։ Ա­ւե­լին է։ Եւ ե­թէ չպայ­քա­րինք, բո­լորս վկայ պի­տի դառ­նանք նման ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու, ո­րով­հե­տեւ երբ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը չի դա­տա­պար­տո­ւիր, կը կրկնո­ւի, պատ­մու­թիւ­նը վկայ։
­Վեր­ջին ա­պա­ցոյ­ցը, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի տե­ղա­հա­նումն ու ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն է։