«Հայկական քնար-հնչիւններ եւ արձագանգներ»
«Արմենիքա» պարբերաթերթի յունալեզու հրատարակութիւններու շարքի 23-րդ գիրքը իւրայատուկ հանգրուան մըն է, խմբագրութեան կողմէ մէջ լոյս տեսած հատորներու հաւաքածոյին մէջ։ Արա Մանկոյեանի բծախնդիր եւ հարազատ թարգմանութեամբ, յոյն եւ հայ ընթերցողներուն կը հրամցուին հայկական բանաստեղծական աշխարհի հանրածանօթ ստեղծագործութիւններ, որոնք կը կազմեն հայ գրականութեան գանձերու յատկանշական գոհարներ, հարստացնելով հայ լեզուի ու գիրի անգնահատելի գանձարանը։
Բոլոր այն հայրենակիցները եւ պարբերաթերթի յոյն ծանօթները, որոնք ներկայ եղան «Հայկական քնար-հնչիւններ եւ արձագանգներ» գիրքի ներկայացումին, վստահաբար ըմբոշխնեցին մեր բանաստեղծական աշխարհի նրբահիւս մանեակները, զգալով ու ապրելով իւրաքանչիւր բառին մէջէն հայ ստեղծագործ ոգին, հայ հողին զօրութիւնը եւ քնարական գեղեցկութիւնը, խօսքի ու երաժշտութեան հոգեզմայլ մթնոլորտին մէջ։
Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներուն մէջ, բանաստեղծական ելոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, հոգեւոր դասը, Ազգային վարչութեան ատենապետը, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի անդամը, միութիւններու անդամներ, յունահայ մամուլի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ տասնեակ ներկաներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արտա Ճէլալեան, որ անդրադարձաւ հրատարակուած գիրքին մասին, շեշտելով անոր ընդմէջէն բանաստեղծութեան վերադարձին բերած ուրախութիւնը՝ բանաստեղծութիւն, որ լեզուի բարձրագոյն արուեստն է եւ մեզ կը հրաւիրէ որոնելու տեսանելիէն ու ակներեւէն անդին։ Խօսողը ներկայացուց հայ բանաստեղծութիւնը՝ իբրեւ ներշնչման անսպառ աղբիւր, որ կը շարունակէ նոր ուղիներ բանալ ընթերցողին ու ստեղծագործողին առջեւ։ Ան նաեւ մատնանշեց յոյն-հայկական կապերու վերանորոգումն ու ամրապնդումը՝ Արա Մանկոյեանի նշանակալից ներդրումին միջոցաւ։ Հանդիսավարը ընդգծեց ու գնահատանքով շեշտեց, թէ Արա Մանկոյեանի թարգմանական աշխատանքը կը ներկայացնէ կրկնակի նպաստ։ Մէկ կողմէն՝ ան իր ներդրումը կը բերէ գրականութեան ընդհանրական աշխարհին, բանաստեղծութեան եւ լեզուի միջոցով ստեղծելով նոր կամուրջներ, նոր հանդիպումներ ու նոր որոնումներ։
Միւս կողմէ՝ անոր աշխատանքը կը հանդիսանայ արժէքաւոր նպաստ մը յունահայ համայնքին, որովհետեւ հայ մշակոյթի ու բանաստեղծութեան միջոցով կը նորոգէ ու կը խորացնէ յունական ու հայկական մշակոյթներու միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերը։
Գիրքի ներկայացումներու շարքին, առաջին խօսողը եղաւ բանասէր Թոնիա Քաֆեծաքի, որ յայտնեց, թէ «Հայկական քնար»ը հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ բանաստեղծութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող անքակտելի կապը բացայայտող ժողովածու մըն է։ Ան ընթերցողը կը տանի հայ բանաստեղծութեան ակունքները՝ հին դարերէն մինչեւ ժամանակակից շրջանը։ Ժողովածուին մէջ յատկապէս կը շեշտուին ազգային զարթօնքի, հալածանքներու, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենիքի կորուստի նիւթերը։
Բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները կը վկայեն, թէ ինչպէս պատմական ողբերգութիւնը վերածուած է գրական յիշողութեան ու արուեստի։ Արարատը, հայրենիքը, գաղթը, կարօտը եւ վերադարձի յոյսը կը դառնան հայ ինքնութեան հզօր խորհրդանիշեր։
Հայ բանաստեղծները իրենց անձնական ձայնը կը միացնեն ժողովուրդի հաւաքական ձայնին՝ դառնալով անոր ցաւին եւ պահանջներուն արտայայտիչները։
Միաժամանակ, ժողովածուն կը ցուցադրէ հայ մշակոյթի ազդեցութիւնը եւ արձագանգը օտար գրողներու մօտ՝ Պայրընէն մինչեւ Ուիլիըմ Ուաթսըն։ Այս ամբողջութիւնը կը վերածուի հայ ժողովուրդի պատմական ու հոգեւոր դիմագիծը ընդգծող գրական վկայութեան։
Յաջորդ խօսողը, բանասէր Տեսփինա Տեմերծի իր վերլուծութեան մէջ նկատեց, թէ հայ բանաստեղծութեան խորքին մէջ կը բացայայտուի ժողովուրդ մը, որ պատմական տառապանքներուն մէջէն իսկ չկորսնցուց իր հոգեկան ուժը։ Բնութիւնը, ծնողները, նախնիները, ուսուցիչները եւ հայրենիքը կը ներկայանան իբրեւ սերունդներ իրարու կապող արժէքներ։ Բանաստեղծները կեանքի առօրեայ երեւոյթներէն կը քաղեն իմաստութիւն եւ կը ձեւակերպեն մարդուն ապրելու բարոյական սկզբունքները։
Խոնարհութիւնը, մարդասիրութիւնը, ընկերասիրութիւնը, արդարութիւնը, զոհողութիւնն ու պատասխանատուութիւնը կը դառնան համամարդկային պատգամներ։ Սիրոյ, բարեկամութեան եւ ընտանեկան յարաբերութիւններու քնարական պատկերները կ՚ամբողջացնեն այդ հոգեւոր աշխարհը։ Հայկական բանաստեղծութիւնը միայն հայ ժողովուրդի պատմութեան արտացոլումը չէ, այլեւ մարդուն արժանապատուութիւնը պահպանելու վկայութիւն։
Յուզումնախառն արտայայտութիւններով հանդէս եկաւ թարգմանիչ Արա Մանկոյեան, որ նշեց. «Յոյն հանրածանօթ գրող Նիքոս Քազանծաքիս 1928-ին Հայաստան այցելելով, գրած էր, թէ Հայաստան երկիր չէ, այլ հոգեւոր ամրոց, ժայռ մը, ուր մարդկային հոգին ամրացաւ՝ որպէսզի արեւելեան ջրհեղեղը չկլանէ զայն։ Այդ ամրոցին պատկերը փորձեցի, ըստ կարողութեանս, ցոլացնել այս թարգմանական աշխատանքով։ Որովհետեւ մենք՝ յունահայերս, Յունաստանը կը սիրենք իբրեւ բնական հայրենիք՝ իր Օղիմպոսով եւ բարձր լեռներով, բայց մեր հոգիին մէջ կ՚ապրի նաեւ քաղցր ու երազուն Հայաստանը՝ գերի Արարատով ու Սիփանով, ազատ Արագածով ու Սեւանի հմայիչ լիճով։
Հայաստան ըսելով չենք հասկնար միայն այսօրուան նեղ սահմանները, այլ Կիլիկիայէն մինչեւ Վանի լիճն ու Անին, Հայաստանի Հանրապետութենէն մինչեւ Արցախ։ Այս երկիրը կը կրենք մեր մէջ, նոյնիսկ եթէ երբեք չենք տեսած. հպարտ ենք անով՝ իր կիրքերով ու յաջողութիւններով, իր ցաւով եւ ուրախութեամբ, որ կը բխին բանաստեղծներուն տողերէն։
Հայ բանաստեղծութիւնը կարկաչուն առուակ մըն է, որ նախնիներու բուրմունքը կը կրէ, ժողովուրդի մը ուժը, որ գիտցած է ցաւը երգի եւ խաւարը լոյսի վերածել։ Երկու լեզուներու եւ երկու պատմութիւններու միջեւ մեծցած մարդու մը համար, այս ծաղկաքաղը երկար ներքին ճամբորդութեան դրոշմն է. թարգմանելով փորձեցի ոչ թէ պարզապէս բառեր փոխադրել, այլ զգացում փոխանցել, եւ թոյլ տալ, որ իմ մէկ հայրենիքս խօսի միւսին լեզուով»։
Արա Մանկոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրութեան եւ բոլոր այն դերակատարներուն, որոնք իրականութիւն դարձուցին գիրքի հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ելոյթի յայտագիրին մէջ մաս կազմած խօսողներուն եւ արուեստագէտներուն։ Իր խօսքը ամփոփելով ան յայտնեց. «Կը մաղթեմ որ «Հայկական քնար-հնչիւններ եւ արձագանգներ» գիրքը ըլլայ ջերմ, մտերիմ ձայն մը, որ թոյլ պիտի տայ ունկնդրելու հայկական կսկիծը, յիշեցնելով՝ Արարատին փեշերուն եւ Յունաստանի կապուտան երկնքին տակ, թէ բանաստեղծութիւնը փարոս մըն է, որ ճամբան ցոյց կու տայ հոգիին»։
Խօսքի ու երաժշտութեան հիասքանչ արտայայտութիւն մը հանդիսացաւ դերասան Տիգրան Աբրահամեանի կողմէ բանաստեղծութիւններու ընթերցումը, կիթառի ընկերակցութեամբ հայազգի արուեստագէտ Լեֆթերիս Խավուծասի։ Աբրահամեան իւրայատուկ ոճով, մեղմութեան զգացումով ու ձայնի ելեւէջներու վարպետութեամբ, արտայայտեց բանաստեղծական գոհարներու ոգին ու անոնց մէջէն ցայտող խորհուրդը։ Խավուծասի հայկական նուագները զարդարուն ձայնը եղան լսուող խօսքին, ասմունքին կապելով հայկական մեղեդիի մեղմանուշ նրբութիւնը։
Ելոյթի աւարտին, բոլոր ներկաները անհուն գոհունակութեամբ շնորհաւորեցին թարգմանիչը եւ ելոյթի կազմակերպիչները, ապա Արա Մանկոյեան մակագրեց գիրքի օրինակներ։