Ուրբաթ, 7 Փետրուարին տեղի ունեցաւ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղի վարչական խորհուրդի նիստը։
Նիստի ընթացքին մանրամասն ներկայացուեցան 2024 թուականի ծրագիրները, ինչպէս նաեւ այն ծրագիրները, որոնք պիտի իրականացուին 2025 թուականին։
Ծրագիրները կ‘ընդգրկեն շինարարութեան, կրթութեան, սոցիալական եւ առողջապահական ոլորտները Հայաստանի ամբողջ տարածքին մէջ։
Նիստի աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ 2025 թուականի աւանդական տօնական գաթայի կտրումը։