­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նա­տան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, պաշ­տօ­նա­պէս նշո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 34-ա­մեա­կը, հա­մեր­գով եւ ըն­դու­նե­լու­թեամբ, ­Փի­րէա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­կան թատ­րո­նին մէջ։
­Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ ե­ղան յոյն, օ­տար եւ հայ հիւ­րեր, ո­րոնց կար­գին էին ­Յու­նաս­տա­նի ­Զի­նեալ ու­ժե­րու պետ, զօ­րա­վար ­Տի­միթ­րիոս ­Խու­փիս, բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, ե­րես­փո­խան­ներ եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան մար­զի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ օ­տար դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ ռազ­մա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ։ ­Հայ­կա­կան կող­մէն ներ­կայ ե­ղաւ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեան, բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ, յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց պե­տեր եւ գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ տա­րածաշր­ջա­նի զար­գա­ցում­նե­րուն եւ ­Հա­յաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած մար­տահրա­ւէր­նե­րուն։ Ան յա­տուկ նշում­ներ կա­տա­րեց հայ եւ յոյն բազ­մաո­լորտ գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին, տա­լով այն կա­րե­ւոր բնա­գա­ւառ­նե­րը, ո­րոնց շուրջ կը զար­գա­նան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը հայ եւ յոյն ե­րաժշ­տա­կան ա­ւան­դու­թեան իւ­րա­յա­տուկ ներ­կա­յաց­ման ա­ռիթ մը ե­ղաւ։ ­Հա­յաս­տա­նէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած տա­ղան­դա­ւոր քա­նո­նա­հար ­Նա­րեկ ­Գա­զա­զեան եւ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Ա­նա­հիտ ­Տիլ­բա­րեան ծա­ւա­լե­ցին ի­րենց տա­ղան­դը, հան­դի­սաս­րա­հը լեց­նե­լով ծա­նօթ մե­ղե­դի­նե­րով եւ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան յատ­կան­շա­կան նո­ւագ­նե­րով։ Եր­կու ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու ե­լոյ­թը մե­ծա­պէս գնա­հա­տո­ւե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն կող­մէ, որ­պէս հայ ե­րաժշ­տա­կան գան­ձա­րա­նի բա­ցա­ռիկ կա­տա­րում։
Ան­կա­խու­թեան նո­ւի­րո­ւած ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թեամբ եւ մաղ­թանք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով։