Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ
Կիրակի, 28 Մայիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-րդ ամեակին առիթով, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, կատարողութեամբ՝ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեանին, սպասարկութեամբ՝ եկեղեցւոյս սարկաւագներուն եւ երգեցողութեամբ՝ դպրաց դասին: Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն, իսկ աւարտին, պաշտօնական հոգեհանգիստ՝ Սարտարապատի դիւցազուններուն հոգիներուն համար:
Ս. Պատարագէն ետք, ժամը 13:00-ին, «Քիբոս» բացօդեայ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Հ.Հ. Անկախութեան 106-րդ ամեակին եւ Սարտարապատի հերոսամարտերուն։
Գեղարուեստական ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւը, Թաղային խորհուրդի եւ միութեանց ներկայացուցիչները, նաեւ՝ մեր սիրելի ժողովուրդը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի անդամ՝ Տիգրան Սարգիսեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ամփոփ գիծերու մէջ խօսեցաւ 28 Մայիսի խորհուրդին մասին։
Ապա, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Մասիս» եւ «Կիլիկիա» պարախումբերը, որոնք ներկաներուն հրամցուցին հայկական ազգագրական պարեր։ «Մալաքեան-Գասպարեան» միօրեայ դպրոցի աշակերտները եւս ասմունքով մը իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ձեռնարկին։
ԹՂԹԱԿԻՑ