Հայ Կապոյտ Խաչի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած միօրեայ պտոյտը տեղի ունեցաւ Համբարձման օրը, Հինգշաբթի, 21 Մայիսին: Շուրջ 50 ընկերուհիներ հաւաքուած էին հաճելի օր մը անցընելու տրամադրութեամբ, Էվիայի գեղեցիկ բնութեան ծոցին մէջ:
Վարչութեան անդամները լայն ժպիտով դիմաւորեցին եւ հիւրընկալեցին պտոյտին մասնակցողները: Երբ հանրակառքը ընթացք առաւ, ընկերուհի Ալմաստ Մելիքեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք առաջնորդեց ընկերուհիները Տէրունական աղօթքով սկսելու օրը, անփորձանք տեղ հասնելու միտումով:
Ապա, ընկ.հի Ալիս Յարութիւնեան ներկայացուց Համբարձման օրուան իմաստը եւ անոր կապուած հետաքրքրական, օգտաշատ աւանդապատումներ փոխանցեց, որոնք արմատացած են մեր ժողովուրդին մէջ:
Հանրակառքը սուրճի դադարի մը համար կանգ առաւ Նէա Արթաքիի ծովափը: Ընկերուհիներուն համար հաճելի անակնկալ եղան թթենիները, ուրկէ հասուն թութերը քաղելով հիւրասիրեցին զիրար: Յաջորդ հանգրուանն էր «Այիա Քիրաքի»ի մատուռը: Ժայռափոր գեղեցիկ մատուռ մըն էր, որուն ներքեւէն հանդարտօրէն կը հոսէր լեռներէն իջնող ջուրը, եւ հաւատացեալներ այդ ջուրով կը լուացուէին: Ընկերուհիները մատուռին կողքէն հոսող գետակին շուրջ յիշատակի նկարներ առնելով հեռացան:
Վերջապէս հանրակառքը ուղղուեցաւ դէպի ճաշարան, որ գետին եզերքը բարտիներով շրջապատուած բնութեան մէջ հիասքանչ վայր մըն էր: Ճաշէն ետք տեղի ունեցաւ այնքան սպասուած վիճակախաղը, համբարձման յատուկ երգերով: Ընկերուհիները ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին երգ ու պարով, որմէ ետք հանրակառքը բռնեց վերադարձի ճամբան, որ նոյնքան հեզասահ ընթացաւ:
Ընկերուհի Վարդ Մկրտիչեան շնորհակալութեան եւ գոհունակութեան խօսքեր արտայայտեց վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկին համար, որուն ձայնակցեցան ընկերուհիները ծափողջոյններով:
Վարչութեան կողմէ ընկերուհի Ալմաստ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերուհիներուն իրենց մասնակցութեան եւ գնահատանքին համար:
Յառաջիկային նման պտոյտներու ծրագրման խոստումով պտոյտը հասաւ իր աւարտին:
Անի Պ.










