«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի 23րդ Ներկայացուցչական (Պատգամաւորական) Ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 18 Նոյեմբեր 2018ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահէն ներս, միօրեայ տեւողութեամբ:
Ժողովը կ՚ընդգրկէր Նոյեմբեր 2016-Նոյեմբեր 2018 երկամեայ նստաշրջանը:
Ժողովին մասնակցութիւն բերին «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութիւնը լրիւ կազմով, միութեան մասնաճիւղներու ներկայացուցիչներ, պարի միաւորի ներկայացուցիչ պարուսոյց ընկ. Էտկար Էկեան եւ պարախումբի օգնականներ, «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբի բեմադրիչ Ալեքսի Սարիեան եւ թատերախումբի յանձնախումբի վարչութիւնը, «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի խմբավար ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեան եւ երգչախումբի յանձնախումբի վարչութիւնը, երաժշտանոցի պատասխանատու ընկ. Գոհար Չիմանեան, խորհրդակցական ձայնով ընկեր-ընկերուհիներ, հրաւիրեալներ, հաշուեքննիչ յանձնախումբը եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, թիւով 55 հոգի:
Այս բոլորէն անկախ, Շրջանային Վարչութիւնը մամուլով ու դիմատետրով առիթ տուած էր համազգայնականներու, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ ու հետեւիլ ժողովի աշխատանքներուն, ներկայ գտնուելու ամբողջօրեայ նիստի աշխատանքներուն: Նման հետաքրքրութիւն ցոյց տուած էին մօտաւորապէս 10 ընկեր-ընկերուհիներ:
Այսպէս, Ատիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղը ժողովին մասնակցեցաւ 9 պատգամաւորներով, Սերէսի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը՝ 3, Ռոտոսի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղը՝ 3, պարախումբի միաւորը՝ 7 պատգամաւորներով: Կամքէ անկախ պատճառներով ժողովէն բացակայեցաւ Ալեքսանտրուպոլսոյ «Արամ Խաչատուրեան» մասնաճիւղը: Կը բացակայէին Թեսաղոնիկէի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչն ու պատգամաւորներ, որոնց ուղարկած տեղեկագիրը կարդացուեցաւ ժողովի ընթացքին:
«Համազգային»ի 23րդ Ներկայացուցչական Ժողովին մասնակցեցան ու ներկայութեամբ թէ շնորհաւորական յատուկ գիրով ողջունեցին՝ յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Յունաստանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան, «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեան, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Լիզա Աւագեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերովբէ Էքիզեան, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի ներկայացուցիչ ընկ. Լիզէթ Գիրազեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնը շնորհաւորեց ուղարկուած շնորհաւորական գիրով, «Ազատ Օր»ի տնօրէն ընկ. Մայք Չիլինկիրեան, «Արմենիքա» յունալեզու պարբերաթերթի խմբագրական կազմին կողմէ ընկ. Գուին Մինասեան:
Ժողովականներուն համար պատրաստուած էր յատուկ թղթածրար, որ կը ներառէր միութեան երկամեայ տեղեկագիրը, Ներկայացուցչական Ժողովի լրիւ օրակարգը եւ աշխատանքի ժամացոյցը եւ լրիւ ցանկը ժողովի բոլոր մասնակիցներուն:
Ներկայացուցչական Ժողովի պաշտօնական բացումը կատարեց «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Յովսէփ Պարազեան, որ ողջունելէ ետք 2018 թուականին զուգադիպող Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100ամեակը, «Համազգային»ի հիմնադրութեան 90ամեակը, Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակը՝ նշեց, թէ յառաջիկայ տարին հարուստ շրջան մը պիտի ըլլայ «Համազգային»ի գործունէութեան համար, քանի 2019 թուականը կը զուգադիպի բազմաթիւ յոբելինական տարեդարձներու ինչպէս՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150ամեակ, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակ, Լեւոն Շանթի ծննդեան 150ամեակ, երաժիշտ Արմէն Տիգրանեանի ծննդեան 140ամեակ, Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան 135ամեակ, Արշիլ Կորքիի ծննդեան 115ամեակ, Գէորգ Էմինի ծննդեան 100ամեակ, Պարոյր Սեւակի ծննդեան 95ամեակ, եւ դեռ՝ դերասանապետ Պետրոս Ադամեանի, Շաւարշ Միսաքեանի, ճարտարապետ եւ քանդակագործ Երուանդ Քոչարի, գրագէտ Ակսէլ Բակունցի, բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի, Վահան Թոթովենցի, Սերկէյ Փարաճանովի, Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 95ամեակ, Արշակ Չոպանեանի, Գուրգէն Մահարիի, Կոստան Զարեանի, Խաչիկ Դաշտենցի, Յովհաննէս Շիրազի, Կարօ Մեհեանի, դերասան Մհեր Մկրտչեանի, Արա Շիրազի, Յակոբ Կարապենցի ծննդեան թէ մահուան յոբելինական թուականներուն:
Իր խօսքի աւարտին՝ ընկ. ատենապետը ժողովականները հրաւիրեց վայրկեանի մը յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Ռոտոսի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Խարա Քէօսէեանի՝ վաղահաս մահուան առիթով, համազգայնական մեր բոլոր հանգուցեալ ընկեր-ընկերուհիներուն յիշատակը եւ, անշուշտ, նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի՝ վկայակոչելով Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի խօսքը՝ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան առիթով, որ կ՚ըսէր.
— «… Այլեւս Ազնաւուր բնաւ պիտի չլքէ մեզ, որովհետեւ բանաստեղծները երբեք չեն մեռնիր»:
Վկայակոչուեցաւ նաեւ աշխարհահռչակ սոփրանօ Մոնսէրա Գապայէն, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին եւ քայքայուած առողջութեան՝ այցելեց Արցախ, անտեսելով Ատրպէյճանի սպառնալիքները եւ մեծ երգչուհին Ատրպէյճանի սեւ ու անբաղձալիներու ցանկին մէջ դասելու ազդարարութիւնները:
Ժողովը՝ անցնելով դիւանի ընտրութեան, նախագահ ընտրեց ընկ. Անդրանիկ Շահպազեանը եւ քարտուղարուհի՝ ընկ. Սեւան Մանոյեանը:
Բանաձեւի յանձնախումբ եւ յարաբերական-արխիւային յանձնախումբներու անդամներ ընտրուեցան յաջորդաբար ընկերներ Հրաչ Արզումանեան, Արմիկ Պարազեան եւ Նունէ Յովհաննէսեան:
Յարաբերական-արխիւային յանձնախումբ ընտրուեցան ընկ. Յասմիկ Հալեւորեան, Մարի Տանկուրեան եւ Մեսրոպ Աբէլեան:
Հաշուեքննիչ յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան ընկ. Մայտա Պարազեան, Ժագ Տամատեան եւ Սոֆիա Միքայէլեան:
Բոլոր յանձնախումբները, դրական զեկոյցներով հանդէս գալով, ներկայացուցին իրենց զեկուցագիրները:
Բանաձեւի յանձնախումբը, ժողովականներուն կամքը արտայայտելով՝ «գնահատելի» բնորոշեց շրջանաւարտ Շրջանային Վարչութեան անցնող երկամեակի բարոյական ու նիւթական ընդարձակածաւալ ու բազմաբնոյթ գործունէութիւնը:
Ապա՝ կարդացուեցաւ Շրջանային Վարչութեան 30 էջնոց երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, որ միաժամանակ կը ցուցադրուէր պաստառի վրայ: Տեղեկագիրը կարդացուեցաւ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի եւ Վերժին Կարապետեանի կողմէ:
Երկամեայ տեղեկագիրը կ՚ընդգրկէր բազմաթիւ գլուխներ, ինչպէս՝ ներկայացուցիչներու դրութիւնը, միութենական գործունէութեան դաշտը, յունական պաշտօնական կանոնագրի պատրաստութիւնը, յարաբերական աշխատանքները, «Գալուստեան» կտակը, հաշուական դրութիւնը, քարոզչական բաժինները, դիմատետրը, թղթակցութիւնները, կորուստները, փոխադարձ հրաւէրները, ձեռնարկներն ու յարակից աշխատանքները, հայերէնի դասընթացքներն ու այդ գծով ապագայ ծրագրումները, «Համազգային»ի հիմնադրութեան նշումը այս Կիրակի օր, ներքին կանոնագրի պատրաստութիւնը, գործուղումները, պարախումբը, երգչախումբը, թատերախումբը, երաժշտանոցը, մասնաճիւղները եւայլն:
Իր տեղեկագրի աւարտին, Շրջանային Վարչութիւնը յառաջիկայ գործունէութեան վերաբերեալ Ներկայացուցչական Ժողովին յղած էր 11 առաջարկներ, որոնք բանաձեւուած կերպով բոլորն ալ վաւերացուեցան ժողովին կողմէ, առ ի գործադրութիւն:
Ներկայացուցչական Ժողովին գլխաւոր օրակարգները կ՚ընդգրկէին կազմակերպչական, դաստիարակչական, հրատարակչական, քարոզչական, հաշուական-նիւթական հարցեր, որոնց համար քուէարկուեցան համապատասխան բանաձեւեր:
Առիթ տրուեցաւ նաեւ բոլոր մասնաճիւղերուն, նշանակուած յանձնախումբերուն, պարախումբի, երգչախումբի, երաժշտանոցի, թատերախումբի պատասխանատուներուն ներկայացնելու իրենց առաջարկներն ու մտահոգութիւնները՝ իրենց մարզերուն վերաբերեալ հարցերու կապակցութեամբ:
***
«Համազգային»ի հիմնադրութեան 90ամեակին զուգադիպող Ներկայացուցչական Ժողովի ընթացքին, «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութիւնը նպատակայարմար տեսած էր, ժողովի ընթացքին, նշելու իր հիմնադրութեան տօնը՝ կարկանդակով ու խմիչքով:
Կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ Եռագոյն 3 յարկերով կարկանդակը կտրելու արարողութիւնը: Այսպէս, հրաւիրուեցաւ յունահայոց հայ կաթողիկէ վիճակաւոր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզազեան, իր կողքին ունենալով Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրայր Ա. Քհնյ. Նիկոլեանը, կարկանդակը կտրելու հոգեւոր կարճ արարողութեամբ ու բարեմաղթութիւններով:
Ստեղծուեցաւ ուրախ եւ ոգեւորող մթնոլորտ «Համազգային»ի, Հայ մշակոյթի եւ ընդհանրապէս գաղութային հարցերու շուրջ:
Ապա՝ ժողովի պաշտօնական հրաւիրեալները յաջորդաբար խօսք առնելով ողջունեցին «Համազգային»ի 90ամեակը, «Համազգային»ի աշխարհատարած գործունէութիւնը եւ «Համազգային»ի Յունաստանի գործունէութիւնը:
Խօսք առնողներն էին՝ յունահայոց հայ կաթողիկէ առաջնորդ Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան, «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենպետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեան, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Լիզա Աւագեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերովբէ Էքիզեան, Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Լիզէթ Գիրազեան:
Կէսօրուան ճաշի մէկ ժամ դադար տրուեցաւ ժողովականներուն: Շրջանային Վարչութիւնը հրապարակաւ իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ տէր եւ տիկին Պօղոս եւ էլէնի Նաճարեան ամոլին՝ անոնց հիւրասիրութեան, ճաշի սպասարկման ու ընդհանրապէս ամէն տեսակի օժանդակութեան համար:
***
Ներկայացուցչական Ժողովի վերջին օրակարգը կը հանդիսանար յաջորդ երկամեայ նստաշրջանի՝ 2018-2020 համար նոր Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւնը:
Ժողովը որոշեց, որ նոր կազմը բաղկանայ 9 հոգիէ: Այսպէս, ընտրուեցան հետեւեալ ընկեր-ընկերուհիները.-
Յովսէփ Պարազեան, Արշալոյս Սափրիչեան, Յուլիանա Մանուկեան, Հրաչ Արզումանեան, Վերժին Կարապետեան, Սիմոն Ասիպեան, Բաբգէն Գասապեան, Էտկար Էկեան, Մարիա Տամատեան:
Առաջին երեքը կը կազմեն նաեւ Շրջանային Վարչութեան դիւանը՝ ատենապետ, քարտուղար, գանձապահ:
Ներկայացուցչական ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ, Նահատակ» քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ, երեկոյեան ժամը 10ին:
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԹՂԹԱԿԻՑ