­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց ­­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­­Գերպ. Տ. ­­Սա­հակ Ծ. Վրդ. Ե­մի­շեա­նի ընտ­րու­թեան ա­ռի­թով, ­Հա­մազ­գա­յին Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րեց նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նոր­դին, ­Ե­րեք­շաբ­թի ­­Հոկ­տեմ­բե­ր 15-ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։
­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը բա­րի գալս­տեան եւ պաշ­տօ­նի ստանձ­ման ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­ր ­փո­խան­ցեց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին, մաղ­թե­լով ա­ռաջ­նոր­դա­կան բե­ղուն շրջան մը ­­ ­Յու­նաս­տա­նի թե­մէն ներս։
­­­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ներ­կա­յիս պատ­կե­րը, դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ ա­պա­գայ հե­ռան­կար­նե­րը։ Ա­ռաջ­նոր­դը ու­շադ­րու­թեամբ լսեց միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մտա­ծում­նե­րը եւ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը։
Զ­րոյ­ցը ընդ­լայ­նե­ցաւ մշա­կու­թա­յին կեանք ստեղ­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան շուրջ, ընդ­հան­րա­պէս ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղաք­նե­րու մէջ ուր հա­յու­թեան թի­ւը մեծ է, շեշ­տե­լով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։