­Հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ամ­սո­ւան մէջ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած «­Զար­թօնք» հե­րո­սա­կան վէ­պի թա­տե­րա­կա­նա­ցո­ւած ներ­կա­յա­ցու­մը պայ­քա­րի հրա­ւէր մը հան­դի­սա­ցաւ, յատ­կա­պէս սե­րունդ­նե­րուն հա­մար վէ­պի առ­թած վսե­մա­գոյն գա­ղա­փար­նե­րու ու հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ո­գիին մարմ­նա­ւո­րու­մը ար­տա­յայ­տող իր կո­չա­կան ուժգ­նու­թեամբ։
Այս ան­գամ, ­Կի­րա­կի, 13 Ապ­րիլ 2025-ի ե­րե­կո­յեան, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ա. ­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բը, բե­մադ­րու­թեամբ ­Յա­կոբ ­Պար­սա­մեա­նի եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ հին ու ե­րի­տա­սարդ ու­ժե­րու, «­Զար­թօնք»-ը վե­րա­ծեց զարթ­նու­մի հրա­ւէ­րի, բո­լոր հան­դի­սա­տես­նե­րը հա­մա­կե­լով հա­յոց լեռ­նե­րու ու հա­յու ա­րեամբ ո­ռո­գուած հո­ղին ան­ժա­ման­ցե­լի խոր­հուրդ­նե­րով։
­Հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի եր­գը հիւ­սած ­Մալ­խա­սի «­Զար­թօնք» հսկա­յա­ծա­ւալ եր­կը, թա­տե­րա­կա­նա­ցո­ւած ­Կա­րա­պետ ­Գալ­ֆա­յեա­նի կող­մէ եւ յա­ջո­ղա­պէս յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեա­նի կող­մէ, ­Քա­լի­թէա­յի «Ի­զո­լա» թա­տե­րաս­րա­հի բե­մին վրայ, խի­զախ հնչում­նե­րով հա­մա­կեց բո­լո­րին սիր­տե­րը եւ յի­շե­ցուց, թէ հա­յու­թեան ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը կա­րի­քը ու­նի վե­րաի­մաս­տա­ւո­րո­ւե­լու ա­րու­թեան գոր­ծե­րու ե­րե­ւու­մով ու ի­րա­ւուն­քի ձեռք­բեր­ման անն­կուն կամ­քով։
Իւ­րա­յա­տուկ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը ե­ղած է «­Զար­թօնք»-ի բե­մա­կա­նա­ցու­մը, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ան­ցեալ դա­րու 50-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն եւ քա­նի մը ան­գամ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ բե­մե­րուն վրայ։ Իսկ, ե­թէ ո­մանց հա­մար — ո­րոնք ար­դէն իսկ վարժ ե­ղած են հա­յե­րէն բնա­գի­րին ու ան­կէ բխած վե­հու­թեան — տար­բեր հնչում մը տո­ւաւ յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նու­թիւ­նը, կա­րե­լի է ը­սել, թէ նման պատ­մա­կան հե­րո­սա­պա­տում­ներ նոյ­նիսկ ներ­կայ ե­ղած յոյն հան­դի­սա­տես­նե­րուն առ­ջեւ ներ­կա­յաց­նե­լը, կրնայ ա­ւե­լի խոր աց­դե­ցու­թիւն թո­ղել նո­ւազ հա­յա­խօս սե­րունդ­նե­րու, ո­րոնք ծարա­ւը ու­նին վե­րա­դառ­նա­լու հայ­կա­կան հե­րո­սա­կան ա­կունք­նե­րուն։ Ար­դէն, մեծ թի­ւով պա­տա­նի­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը հան­դի­սա­տես­նե­րուն մէջ կու գայ ա­պա­ցու­ցե­լու հայ թատ­րո­նին ճամ­բով դաս­տիա­րա­կու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը եւ մեր փա­ռա­հեղ պատ­մու­թեան մա­տու­ցու­մը պատ­կե­րա­ւոր ու մատ­չե­լի մի­ջոց­նե­րով։
­Բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րը ի­րենց լա­ւա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցան բե­մին վրայ։ ­Նոյ­նիսկ անն­շան ե­րե­ւցող դե­րեր մարմ­նա­ւո­րած ե­րի­տա­սարդ ու­ժե­րը խոս­տում­նա­լից յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւն մը յայտ­նա­բե­րե­ցին։ Իսկ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն մէջ ար­դէն փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգած շարք մը դե­րա­կա­տար­ներ, կա­րո­ղա­ցան ար­տա­յայտ­չա­կան տար­բեր ե­րանգ­նե­րով ի­մաս­տա­ւո­րել եր­կի փո­խան­ցած պատ­գամ­նե­րը։
­Վէ­պի հե­րո­սի՝ ­Վար­դան Ար­սէ­նեա­նի գլխա­ւոր դե­րը վեր­ցուց Ն­շան ­Սա­վու­լեան, որ մարմ­նա­ւո­րեց հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի հե­րո­սաց­ման ի­տէա­լը եւ ա­զա­տա­տենչ ո­գին։ Իր վեր­ցու­ցած դժո­ւար դե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ դուրս ե­կաւ ու տա­րա­ծեց ո­գե­ւո­րիչ պատ­գամ­ներ։ Ա­նոր կող­քին, լա­ւա­պէս ներ­կա­յա­ցաւ ­Մա­րօ ­Մա­թեան՝ ­Սո­նիա ­Քար­փո­վա­յի դե­րով, որ թօ­թա­փե­լով քաղ­քե­նի եւ ան­տար­բեր կնոջ մը կեր­պա­րը, դար­ձաւ հայ յե­ղա­փո­խու­թեան հա­ւա­տա­ւոր բժշկու­հին, վե­րագտ­նե­լով իր վա­ղե­մի սէ­րը։ Տ­պա­ւո­րու­թիւն թո­ղեց ­Վա­կե­լիս ­Կե­քա­սի ստանձ­նած դե­րը որ­պէս ­Մո­սօ, հա­ւա­տա­րիմ դռնա­պա­նը եւ յե­ղա­փո­խա­կան մար­տի­կը։ ­Յայտ­նու­թիւն մը ե­ղաւ ե­րի­տա­սարդ Ա­նա­յիս ­Բար­սե­ղեա­նի դե­րը որ­պէս Եւ­գին Ար­սէ­նեան, հե­րո­սի քոյ­րը, որ խոս­տում­նա­լից ա­պա­գայ մը կը ցու­ցա­բե­րէ յու­նա­հայ թա­տե­րա­կան յա­ջորդ փոր­ձար­կում­նե­րուն հա­մար։ ­Սեր­գօ ­Մի­նա­սեան եւ ­Լու­սի ­Քէ­հէ­յեան ար­դէն փոր­ձա­ռու­թիւն նուաճած են տա­րի­նե­րու վրայ, իսկ այս ան­գամ եւս, որ­պէս ­Վար­դա­նի ծնող­նե­րը, ա­նոնց ինք­նավս­տահ ներ­կա­յա­ցու­մը ար­ժէք մը եւս ա­ւել­ցուց եր­կին վրայ։ Որ­քա՜ն հա­ճե­լի ու միա­ժա­մա­նակ դաս­տիա­րա­կիչ ե­ղաւ ­Յա­կոբ Ա­րը­ճեա­նի եւ ­Խա­չիկ ­Սափ­րի­չեա­նի երկ­խօ­սու­թիւ­նը հա­յոց լեռ­նե­րուն վրայ, որ­պէս Ա­ռիւծ ­Գե­ւօ եւ ­Թո­փալ ­Սա­տա­նա, որ մերթ զո­ւար­ճա­խօ­սու­թեամբ, մերթ պայ­քա­րի ազ­դան­շա­նով, ցոյց տո­ւաւ ֆե­տա­յա­կան տի­պա­րը եւ ա­նոր հե­րո­սա­կան պա­տում­նե­րը։ ­Ժագ ­Տա­մա­տեան, որ քա­նիցս ներ­կա­յա­ցած է հայ բե­մե­րէն, ու­նի ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րե­լու զա­նա­զան տի­պար­ներ, այս ան­գամ ալ մարմ­նա­ւո­րե­լով մե­ծա­հա­րուստ ­Պո­րիս ­Քար­փո­վի­չի քաղ­քե­նի կեր­պա­րը։ ­Կա­րօ Ա­ղա­պա­տեան ­Գա­լուս­տի դե­րով, Ալ­պեր ­Մար­տի­կեան ­Գէոր­գի դե­րով, Ա­լեքս ­Բար­սե­ղեան ­Վահ­րա­մի դե­րով, Ալ­քի­նոոս ­Մա­նիա­տա­քիս ­Քա­չա­լի դե­րով, ինչ­պէս նաեւ ­Կա­րէն ­Խա­չե­րեան եւ ­Նի­քոս ­Ցի­ցոս ֆե­տա­յիի կեր­պա­րով կա­րո­ղա­ցան յստակ եւ հարկ ե­ղած բե­մա­կան շար­ժում­նե­րով ար­ժա­նաց­նել ի­րենց վստա­հո­ւած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ դե­րե­րու այ­լա­զա­նու­թիւ­նը։
­Գե­ղե­ցիկ ներ­կա­յաց­ման հա­մադ­րու­մը կը պար­տինք տա­րի­նե­րով թա­տե­րա­կան բե­մե­րուն վրայ հաս­տա­տո­ւած եւ այժմ բե­մադ­րու­թեան փոր­ձե­րուն մէջ յա­ջող քայ­լեր կա­տա­րող ­Յա­կոբ ­Պար­սա­մեա­նին։ Իր բե­մադ­րա­կան երկ­րորդ ներ­կա­յա­ցու­մը կու գայ ա­պա­ցու­ցե­լու, թէ ա­պա­գա­յին եւս հայ բե­մին վրայ տար­բեր տե­սա­կի ներ­կա­յա­ցում­ներ հրամց­նե­լու խոս­տում­նա­լից ճամ­բուն վրայ կը գտնո­ւի, իսկ յոյժ քա­ջա­լե­րե­լի պէտք է ըլ­լայ իր բե­մադ­րա­կան յղա­ցում­նե­րուն նե­ցուկ կանգ­նե­լու ա­մէն տե­սա­կի վար­չա­կան եւ գործ­նա­կան մտա­ծում։
­Յու­շա­րա­րի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ձեռն­հա­սօ­րէն ստանձ­նեց ­Կիւ­լա ­Գա­րա­պա­ճա­քեան, ո­րուն տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կը սա­տա­րէ դե­րա­կա­տար­նե­րու ան­թե­րի ներ­կա­յաց­ման։ Ե­րաժշ­տա­կան յօ­րի­նու­մի եւ հա­մադ­րու­մի զար­դա­րու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ծա­նօթ ե­րա­ժիշտ Ս­տե­փան ­Թե­քի­րեա­նին եւ ­Տիգ­րան Աբ­րա­հա­մեա­նին կող­մէ։ ­Բե­մա­յար­դա­րու­մը ստանձ­նած էր Ա­նա­յիս ­Գա­զան­ճեան, որ տա­րի­նե­րու իր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ի գործ դրաւ բե­մին վրայ։ Զ­գեստ­նե­րու ընտ­րու­թիւ­նը ստանձ­նած էին ­Կիւ­լա ­Գա­րա­պա­ճա­քեան եւ Ա­լիս ­Ֆու­րուն­ճեան, իսկ վեր­ջի­նը հան­դէս ե­կաւ պատ­մո­ղի դե­րով, ո­րու բո­վան­դա­կու­թեան պատ­րաս­տու­թիւ­նը կա­տա­րած էր Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեան։ ­Դե­րա­կա­տար­նե­րու շպա­րու­մը ե­ղաւ ­Լո­ւի­զա ­Պօ­ղո­սեա­նի եւ ­Թա­մար ­Պար­սա­մեա­նի կող­մէ, նկա­րա­հա­նու­մը ­Կա­րօ Ա­ղա­պա­տեա­նի ջան­քե­րով, յայ­տա­գի­րի գրու­թիւ­նը պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ ­Ժագ ­Տա­մա­տեա­նի ձե­ռամբ, իսկ ա­նոր ձե­ւա­ւո­րու­մը ­Սա­րին ­Մա­նո­յեա­նի կող­մէ։ ­Բե­մի ե­տին գտնուող բո­լոր աշ­խա­տա­կից­նե­րը լա­ւա­պէս սա­տա­րե­ցին եր­կի ան­թե­րի ու յա­ջող մա­տու­ցու­մին։
­Թա­տե­րա­կան ներ­կա­յաց­ման ներ­կայ ե­ղան Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը, գա­ղու­թի գոր­ծօն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ ստո­ւար հան­րու­թիւն մը, որ իր շա­րու­նա­կա­կան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով գնա­հա­տեց ար­դիւն­քը։
­Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ «Ա. ­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բին կը մնայ մաղ­թել սրտա­գին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ։ ­Թա­տե­րա­կան յա­ջող նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը պէտք է ե­րաշ­խա­ւո­րէ շա­րու­նա­կու­թիւն մը՝ թա­տե­րա­սէր հան­րու­թեան ծարա­ւը յա­գեց­նե­լու հա­մար։ ­Հայ թատ­րո­նի ան­դաս­տա­նին մէջ գո­յու­թիւն ու­նին ծա­նօթ ար­դի եւ դա­սա­կան կտոր­ներ, ո­րոնք կը սպա­սեն ներ­կա­յաց­ման։ ­Բե­մին վրայ ե­րեւ­ցած ե­րի­տա­սարդ ու­ժե­րու խոս­տում­նա­լից ներ­կա­յու­թիւ­նը թող իր ըն­թաց­քը ա­պա­հո­վէ, ոչ միայն Ա­թէն­քի թա­տե­րա­սէր հան­րու­թեան հա­մար, այ­լեւ յու­նա­հայ տար­բեր հա­մայնք­նե­րու թա­տե­րա­սի­րա­կան հա­ճոյ­քը գո­հաց­նե­լու հա­մար։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րուն՝ բե­մին վրայ ու ա­նոր ե­տին։