30 Ապ­րի­լէն մին­չեւ 3 ­Մա­յիս 2026-ին, Ա­թէն­քի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սար­դա­կան (YouthLinks) 6-րդ ­հա­ւա­քը։
28 ե­րի­տա­սարդ­ներ աշ­խար­հի զա­նա­զան կող­մե­րէն (­Գա­նա­տա, Վ­րաս­տան, ­Լի­բա­նան, ­Հա­յաս­տան, Ար­ցախ, ­Ռու­սիա, Ս­պա­նիա, Ի­տա­լիա, Աւստ­րիա, ­Կիպ­րոս եւ ­Յու­նաս­տան) հա­մախմ­բո­ւե­ցան Ա­թէն­քի մէջ եւ քա­ռօ­րեայ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու ու պտոյտ­նե­րու ընդ­մէ­ջէն ծա­նօ­թա­ցան ի­րա­րու, մաս­նակ­ցե­ցան հայ մշա­կոյ­թի զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մա­սին դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու եւ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ այ­ցե­լե­ցին յու­նա­հայ գա­ղու­թի զա­նա­զան կեդ­րոն­նե­րը եւ երկ­րի տե­սար­ժան վայ­րե­րը։
Հա­ւա­քը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կող­մէ, իսկ կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն օ­ժան­դա­կեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը։
­Յա­ջոր­դա­բար, զատ թղթակ­ցու­թեամբ պի­տի անդ­րա­դառ­նանք կա­րե­ւոր այս ի­րա­գոր­ծու­մին մա­սին։