­Հինգ­շաբ­թի, 26 ­Սեպ­տեմ­բեր 2024-ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12։30-ին, ­Յունաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­գերպ. Տ. ­Սա­հակ Ծ. Վրդ. Ե­մի­շեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նին եւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չերեա­նին, պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պանու­թիւն։
Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բին ու պա­տո­ւի­րա­կու­թեան դի­մա­ւո­րեց Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան։ Ա­պա հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, պրն. Մկրտ­չեան ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րեց ­գերպ. ­Հայր սուր­բին ա­ռաջ­նոր­դա­կան պաշ­տօ­նի ընտ­րու­թիւ­նը։ Ան քա­ջա­ռող­ջու­թիւն ու բե­ղուն ծա­ռա­յու­թիւն մաղթեց ­Հայր ­սուր­բին եւ յայտ­նեց, որ Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր յար­գա­լիր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­թե­մի Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նորդա­րա­նին հետ, ի սպաս ­յու­նա­հայ գա­ղու­թին ու հայ­րե­նի­քին։
­Թե­միս Ա­ռաջ­նորդ ­գերպ. Տ. ­Սա­հակ Ծ. Վրդ. Ե­մի­շեան, իր կար­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց պրն. դես­պա­նին, ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան ու բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Ան յայտ­նեց, որ ա­ռաջ­նոր­դա­կան իր նոր պաշ­տօ­նի սե­մին, սրտի պարտք կը նկա­տէ ­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 33-րդ­ ա­մեա­կին առ­թիւ, այ­ցե­լել ­Յու­նաս­տա­նի հո­ղե­րուն վրայ գտնո­ւող մեր հայ­րե­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին՝ պրն. դես­պա­նին։ Ան եւս շեշ­տեց, որ մեր գա­ղու­թը եւ Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց կա­րե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի սպաս մեր ժո­ղո­վուր­դին։
Ա­պա ներ­կա­նե­րը անդ­րա­դար­ձան ­Հա­յաս­տա­նի շուրջ ներ­կայ քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին եւ դի­մագ­րա­ւած տագ­նապ­նե­րուն։ ­Յա­տուկ ակ­նար­կու­թիւն ե­ղաւ նաեւ ­յու­նա­հայ գա­ղու­թի ի­րա­վի­ճա­կին ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն շուրջ։

­Դի­ւան Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի