«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ատիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այցելութիւն մը կատարուեցաւ Աթէնքի «Σημείο» թատերասրահը, ուր թատրոնի տնօրէնութեան հետ նախապէս կատարուած կարգադրութեամբ՝ դասաւորուած էր համազգայնականներուն եւ անոնց բարեկամներուն համար տոմսերու եւ տեղերու ապահովումը:
Թատերական ներկայացման ներկայ գտնուող «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան, «Սօս-Վանի»ի վարչութեան եւ ընկերակից մօտ 15 հայ եւ յոյն այցելուները, ներկայացման աւարտին, սրահը բերնէ բերան լեցուցած յոյն թատերասէր հասարակութեան ներկայութեան, առանձին զրոյց ունեցան բեմադրիչին, գլխաւոր դերասաններ Գոսթաս Արզօղլուի, Սեդայի եւ Արամի դերերը մարմնաւորող Սոֆիա Լիաքուի եւ Վակելի Փափատաքիի հետ, շնորհակալութեան, գնահատանքի ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեցին անոնց այս նախաձեռնութեան համար, որ առիթ կը ստեղծէ յոյն հասարակութեան ծանօթացնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ազգային դատն ու քաղաքական պահանջատիրութիւնը:
Հայկական խմբակին միացան նաեւ՝ անցեալին Ֆիքսի գաղթակայանին մէջ հայերու հետ մեծցած ու ապրած յոյներ, որոնց ծնողները 1922ի Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք, մօտ մէկ միլիոն յոյն գաղթականներու եւ 100.000 հայերու հետ ապաստան գտան ասպնջական Հելլադայի հիւրընկալ ափերուն, իրենց ողբերգութիւնը ամոքող կեանքի նոր սկիզբի մը մեկնակէտը դնելով:
Յունական եւ հայկական պատմական ու ազգային ողբերգութիւնները այնքան նման են իրարու, որ այս թատրերգութեան ընդմէջէն երկու ժողովուրդներու անհատական եւ հաւաքական յուշերը կը միախառնուին իրարու՝ համամարդկային ապրումներու եւ աւելի լաւ աշխարհի մը պատգամները փոխանցելով մարդկութեան եւ նոր սերունդներուն:
Թատերական նիւթը
Richard Kalinoskiի հեղինակութեամբ բազմակի մրցանակաւոր այս թատրերգութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած էր 20 տարի առաջ (1998ի Մարտին), բեմադրութեամբ՝ Սթաթի Լիվաթինոյի, եւ գլխաւոր դերերու ստանձնումով՝ Տիմիթրի Թարլոուի եւ Թամիլա Քուլիէվայի:
Յետադարձ ակնարկով յիշեցնենք, թէ անոր նիւթը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու Ուիսքոնսին շրջանի Միլուոքի քաղաքին մէջ Թուրքիայէն ժամանած Արամ եւ Սեդա հայերու ընտանեկան պատմութեան, 1922 եւ 1933 թուականներուն:
Արամ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ընտանիքի մը զաւակն է, որ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելով՝ իբրեւ ծանօթ ու նախընտրուած լուսանկարիչ կ՚աշխատի: Ան նամակագրութեան ճամբով կ՚ամուսնանայ 15 տարեկան Սեդայի հետ, որ Թուրքիայէն իբրեւ հարս Ամերիկա կուգայ նոր կեանք մը սկսելու հեռանկարով:
Սեդային լուսանկարէ մը՝ անոր գլուխը կը հանուի եւ կը դրուի (ու կը փոխարինէ) Արամի ընտանիքին հին հաւաքական լուսանկարի մը վրայ, որու ջարդուած անդամներու գլուխները կտրուած են Թուրքերէն: Այսպէս, գլխատուած անդամներու մարմնին վրայ կ՚աւելցուին Արամի եւ Սեդայի գլուխները՝ այն յոյսով, որ զոյգը պիտի ամբողջացնէ Արամ եւ Սեդա Թովմասեան ընտանեկան նոր բոյնը, աշխարհ գալիք զաւակներով:
Թատերական զարգացումները կը յայտնաբերեն սակայն, թէ հետագայ անցուդարձները Արամի ծրագիրներուն համաձայն պիտի չընթանան եւ նորապսակ զոյգի՝ նոր սկիզբ մը ընելու ճիգը, կեանքի նորանոր անակնկալներու դէմ յանդիման պիտի բերէ զոյգը, ողբերգական նորանոր զուգահեռներու եւ անակնկալներու մատնելով զանոնք:
«Հրէշը լուսնի վրայ»
Առաջին անգամ ներկայացուեցաւ «Humana» փառատօնին մէջ 1955ին: Անկէ ետք թարգմանուած է 19 լեզուներու եւ ներկայացուած է 20 տարբեր երկիրներու մէջ:
2001 թուականին մրցանակի արժանացաւ «Moliere» մրցանակներու փառատօնին, Ֆրանսա:
Նոյնպէս արժանացած է Osborn մրցանակին, «Ակնունի» (Ամերիկայի Հայ Բարեգործական Միութեան) մրցանակին, Garland (Backstage West) մրցանակին, իբրեւ Արժանթինի ACE լաւագոյն թատերական գործի բովանդակութիւն:
2005ին, Ռիչարտ Քալինոսքի Հայաստանի մէջ պարգեւատրուեցաւ «Խորենացի»ի անուան մրցանակ-շքանշանով:
Բեմադրիչի մտածումներէն
Այս թատրերգութեան բեմադրիչ Վակելիս Փափատաքիս՝ անդրադառնալով իր բեմադրած գործին, կը նշէ, թէ գործին ընդմէջէն մասնակից կը դառնայ ցեղասպանութեան մը, 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան: Մեր դարուն որքա՜ն աղաւաղուած են ցեղասպանութեան իմաստին էութիւնն ու բովանդակութիւնը, պահպանելով ծայրայեղ ազգայնականութեան դժխեմ նկարագիր մը: Մենք որքա՞ն մօտ ենք թատրերգութեան հերոսներուն, երբ հարկադրաբար կը հակինք «գլխատուած լուսանկարներու» վրայ, այլաբանական բովանդակութեամբ փուճ յոյսեր սնուցանելով: Մեզմէ քանի՞ հոգի զգայնօրէն խոցելի կը զգայ իր ինքնութեան կորուստին համար՝ խաբկանքի յոյսեր ապրեցնելով իր մէջ, նոր հայրենիք մը վերստեղծելու ակնկալութեամբ:
Անցեալն ու ներկան իրարու վրայ կ՚ազդեն, որպէսզի յաղթանակէ ժամանակակից այժմէականութեան դէպքերու ճնշիչ ներկայութիւնը: Արամի եւ Սեդայի անձնական փորձառութիւնները կը վերածուին համաշխարհային առումով կենդանի վկայութիւններու, որոնք այժմէական են ու կը մնան մեր առօրեայ կեանքի իրականութեան մէջ:
«Համազգային»ի թղթակից