Կազմակերպութեամբ Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, 8 Մարտի 2025-ին, կիներու միջազգային օրուան առիթով, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ճաշկերոյթ քաղաքի հիւրանոցներէն մէկուն դահլիճէն ներս:
Ելոյթին ներկայ գտնուեցան շրջանի հոգեւոր հովիւը, թաղականութեան անդամներ, Հայ Գթութեան Խաչի անդամուհիներ, շրջանի Մշակութային միութեան անդամներ եւ ժողովուրդը։
Տօնական միջոցառումի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Ալինա Պօղոսեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհաւորեց կանանց միջազգային օրը։
Այնուհետեւ, շրջանի հոգեւոյ հովիւը իր խօսքին մէջ առանձնապէս ընդգծեց մայրերու անփոխարինելի դերը, իրենց սէրը, հոգատարութիւնն ու համբերութիւնը, որոնք հիմք կը հանդիսանան ընտանիքի ու համայնքի ամրապնդման համար։ Նաեւ բոլոր կիներուն մաղթեց առողջութիւն, երջանկութիւն եւ ուրախութիւն։
Երեկոն շարունակուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, օրուան պատշաճ յայտագիրի գործադրութեամբ։
Թղթակից