Ի գիտութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ուրախութեամբ կը հաղորդենք, թէ Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր եպիսկոպոսական անդրանիկ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ ժողովրդային թափօրով պիտի տօնուի Ծաղկազարդի՝ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ:
Պիտի պատարագէ եւ պատգամէ,
ապա թափօրը հանդիսապետէ, Յունաստանի Հայոց թեմի
բարեջան Առաջնորդ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Ս. պատարագի աւարտին, պատարագիչ Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ, պիտի կազմուի ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով ու շարականներու երգեցողութեամբ ժողովրդային թափօր, եկեղեցւոյ շրջակայ ճամբաններուն մէջ, շրջելով թափօրը պիտի հասնի եկեղեցւոյ մուտքին, ուր Սրբազան հայրը պիտի օրհնէ ներկայ բոլոր մանուկներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։
Այսու կոչ կ‘ուղղենք եւ կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը իրենց երեխաներով ու թոռներով մասնակից դառնալու այս իւրայատուկ տօնակատարութեան եւ հաղորդուելու Քրիստոսի Երուսաղէմ Գալստեան խորհուրդով ու ամրապնդուելու նախնիներուն մեզի ժառանգ ձգած հաւատքն ու աւանդութիւնները։
Ս. ՅՈՎՀ. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ