Յարաբերութեան կատարելութիւն
«Եթէ Քրիստոսի կցորդ եղանք` իրեն պէս մեռնելով,
նոյնպէս իրեն կցորդ պիտի ըլլանք` իրեն հետ
յարութիւն առնելով»։ (Հռմ. 6:4)
Կան օրեր երբ ժամանակը կը դանդաղի մեզի համար. այդ օրերէն են Յարութեան Աւագ Շաբթուան օրերը։ Իւրաքանչիւր օրը, իր խորհուրդով կը լեցնէ մեր հոգիները։ Աւագ Շաբաթը Յարութեան աւետիսով կը մարմնաւորէ Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան կատարելութիւնը։
Զատիկը Քրիստոսի յարութեան տօնակատարութիւնը չէ միայն, այլ Աստուածային սիրոյ յայտնութիւնը, զոր կը կատարելագործուի Աւագ շաբթուան եւ յարութեան պատկերով։ Քրիստոսի իւրաքանչիւր քայլ, վերջին ընթրիքէն մինչեւ գերեզման եւ յարութիւն՝ կը հաստատէ Աստուածային ճշմարիտ ու կատարեալ յարաբերութեան վերահաստատումը մարդուն հետ։
Ճշմարիտ սէր
Քրիստոս իր չարչարանքներուն ընդմէջէն մարմնաւորեց ճշմարիտ սիրոյ կենդանի օրինակը։ Ան հեռուէն չդիտեց միայն, ձգելով մեզ մեր չարչարանքներուն եւ նեղութիւններուն մէջ առանձին։ Քրիստոս խաչի ջամբով իր վրայ առաւ բոլորիս մեղքերը, մտահոգութիւնները, վախերը եւ նոյնիսկ կասկածները։ Ան ընդունեց Գողգոթային ճամբան, խաչին ծանրութիւնը ու գերեզմանին լռութիւնը եւ ցոյց տուաւ Աստուածային սիրոյ ճշմարտութիւնը։ Այս սէրը ճշմարիտ է, որովհետեւ Աստուած չի հրաժարիր մեզմէ երբ կորսուած ենք եւ կը քալէ մեզի հետ երբ նոյնիսկ կը հեռանանք իրմէ։
Զատիկը խորհրդաւոր տարակերպութիւն (փարատոքս) է. Աստուած իր վրան կ՚առնէ այն ինչը վնասակար է որպէսզի մարդուն փոխանցէ այն ինչ կենսատու է։ Այս ինքնազոհողութեամբ Աստուած կը կատարելագործէ յարաբերութիւնը ո՛չ թէ պատիժով կամ դատապարտութեամբ, այլ ճշմարիտ սիրով։ Հետեւաբար, Աստուած մեր տեղը գրաւեց որպէսզի մենք ալ իր մէջ տեղ գտնենք։
Յարութիւնը` փոխանակութիւն
Հասկնալու համար Յարութեան խորհուրդը, պէտք է հասկնանք Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ նոր ուխտին խորհուրդը։ Զատկական պատմութիւնը խաչին վրայ չաւարտիր, այլ Յարութեամբ հաւատքի նոր կեանք կը շնորհուի։ Աստուած իր վրայ առաւ մարդուն մահուան խաչը եւ փոխարէնը շնորհեց Աստուածային կեանքի լիութիւնը։ Գերեզմանը, որ կը խորհրդանշէր մահ եւ պարտութիւն, փոխակերպուեցաւ յարուցեալ կեանքի եւ յաղթանակի:
Յարութեամբ Աստուած փոխանակեց ժամանակաւորը յաւիտենականութեան հետ. իր վրայ առաւ մեղքը մեզ տալով ներում, յանձն առաւ մահը մեզ տալով անմահութիւն, մերժուեցաւ մարդէն սակայն ողջագուրեց, ընդունեց մարդուն, եւ վերջապէս ժամանակաւոր սիրոյ դիմաց յաւիտենական սիրով սիրեց մեզ։ Այս փոխանակութիւնը կը պատկերէ Աստուածային յարաբերութեան կատարելութիւնը. յարաբերութիւնը մը զոր կ՚իրականանայ Աստուծոյ ողորմութեամբ, շնորհքով, սիրով, որ անսահման է եւ ներումով, որ առանց պայմաններու է։
Ապրիլ կատարեալ յարաբերութեամբ
Արդարեւ, Յարութեան տօնը մէկ օրուան յիշատակման կամ տօնակատարութեան օր չէ. ան հրաւէր է մասնակից դառնալու Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան, յարաբերութիւն մը, ուր կը սորվինք սիրել այն սիրով, որ Աստուած սիրեց մեզ։ Մեր իւրաքանչիւր ներողամտութիւնը, կարեկցութիւնը, սէրը եւ յուսադրութիւնը մեր նմանին հանդէպ ապրումն է այդ կատարեալ յարաբերութեան։
Աստուծոյ շնորհած կատարեալ յարաբերութիւնը վերացական բան մը չէ, ան մարմնացումն է Քրիստոսի յարութեան։ Յարութիւնը մեզ կը յիշեցնէ, թէ կատարեալ յարաբերութիւնը նեղութիւններէ եւ դժուարութիւններէ խուսափելով չէ որ կը կազմուի այլ չարչարանքէն ետք փառքի եւ մահուան դիմաց յարութեան յաղթանակով։
Սիրելիներ, այսօրուան աշխարհը մեզ կը ներկայանայ բազմաթիւ անորոշութիւններով, պատերազմներով եւ դժուարութիւններով։ Յարութեան տօնը անգամ մը եւս մեզ կը յիշեցնէ ճշմարիտ եւ մնայուն խաղաղութեան մասին, կարեւոր եւ մնայուն յարաբերութեան մասին։
Թեղ որ մեր Տիրոջ Յարութեան տօնը ներքնապէս խաղաղեցնէ մեզ եւ առիթ ըլլայ վերանորոգուելու մեր հաւատքի եւ Աստուծոյ հետ կատարեալ յարաբերութեան մէջ։
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի
ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց թեմին









