Թեսաղոնիկէի «Արիսթոթէլեան» համալսարանի աստուածաբանական ճիւղի ուսանողներ կ’այցելեն Ս. Աստուածածին եկեղեցի
Հինգշաբթի՝ 23 Նոյեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 8։30ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցի այցելեցին Թեսաղոնիկէի «Արիսթոթէլեան» համալըսարանի աստուածաբանական ճիւղի աւելի քան 60 համալսարանականներ՝ նորեկներէն սկսեալ մինչեւ յառաջացած ուսանողներ, իրենց հոգեւորական եւ աշխարհական ուսուցիչներով։ Այցելուներուն համար մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի կողմէ։ Ս. Սեղանին կը սպասարկէին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ շրջանի Թաղական Խորհուրդի անդամներ, Տիկնաց Մարմնի անդամուհիներ, եկեղեցւոյ սպասարկողներ եւ հաւատացեալներ։ Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, Հայր Սուրբը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ, ապա, տեղի ունեցան եկեղեցական, ծիսական, դաւանաբանական եւ այլ տեսակի հարց-պատասխաններ։ Հայր Սուրբը հայերէն լեզուով տուաւ պատասխանները, իսկ յունարէն լեզուով թարգմանութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ սպասաւորներէն պրն. Թոնի Գասեմեան։
Յարգարժան հիւրերը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ եւ խանդավառութեամբ ու գոհունակ սրտով վերադարձան համալսարան։
Բարեկամական հաւաքոյթ՝ ի պատիւ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւներուն
Երեքշաբթի՝ 21 Նոյեմբեր 2017ի երեկոյեան ժամը 8։00էն սկսեալ, հրաւէրովը ազգայիններ պրն. Վահրամ Պէքթաշեանի, պրն. Աւետիս Աւետիսեանի, պրն. Ալեքս Շիրակեանի եւ պրն. Էտվին Զամպաքճեանի՝ Թեսաղոնիկէի «XORIS SKALAKIA» ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ բարեկամական փոքր հաւաքոյթ մը, ի պատիւ շրջանի երկու հոգեւոր հովիւներուն.- Բարի ճանապարհ ու առաքելութիւն մաղթելու Թեսաղոնիկէի նախորդ հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի, ինչպէս նաեւ՝ անգամ մը եւս բարի գալուստ ու բարի կեցութիւն մաղթելու Թեսաղոնիկէի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի։
Հաւաքոյթը ընդգրկեց ուրախ մթնոլորտ, ընթրիք, յիշատակի նուէրներու ու յուշերու փոխանակում՝ զուարճալի խօսակցութեանց ընթացքին։
Անդրանիկ Պատարագ՝ Թեսաղոնիկէի մէջ
Կիրակի՝ 26 Նոյեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններէն ետք, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ շրջանի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի անդրանիկ Ս. Պատարագը, ներկայութեամբ Թաղական Խորհուրդի, Տիկնաց Միութեան, ազգային կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ս. Սեղանին կը սպասարկէին եկեղեցւոյ սարկաւագները, ուրարակիրներն ու դպիրները։
Իր քարոզի ընթացքին, Հայր Սուրբը օրուան աւետարանական հատուածը բացատրելէ ետք, որդիական երախտագիտութեամբ եւ ակնածանքով արտայայտուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի մասին, որ իր Հայրական բարձր տնօրինումով անգամ մը եւս զինք ուղարկեց Թեսաղոնիկէ՝ ծառայելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Վարչութեան, շրջանի Թաղական Խորհուրդին, Տիկնաց Միութեան, եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, ազգային կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ հաւատացեալներուն, որոնց փափաքով արժանացաւ սոյն պաշտօնին։
Աւարտին, Հայր Սուրբը բոլորէն խնդրեց նոյն ոգին, նոյն պատրաստակամութիւնն ու բծախնդրութիւնը ցուցաբերել գաղութին հանդէպ՝ շարունակելով համագործակցութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը, միասնաբար աշխատելով ու միասնաբար գործելով։ Ան խնդրեց, որ աղօթենք իրարու համար, որպէսզի առաւել եւս մօտենանք Քրիստոսի ու մեր նուիրական ծառայութիւնը լիուլի կերպով ամբողջանայ։
Թղթակից