Լուսիէն Մարկոսեան Միացեալ Նահանգներու քարաթէյի ախոյեան

0
48

12-ա­մեայ ­­Լու­սիէն ­­Մար­կո­սեան ար­ձա­նագրե­լով 6 յաղ­թա­նակ եւ 1 փակ պար­տու­թիւն, նո­ւա­ճեց ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու քա­րա­թէի ազ­գա­յին ա­ռաջ­նու­թեան ոս­կի մե­տա­լը՝ ­Թեք­սա­սի մէջ կա­յա­ցած մրցում­նե­րուն։
Է­րիկ ­­Գէոր­գեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, «­­Գէոր­գեան ­մար­տա­րո­ւես­տի ա­կա­դե­միոյ» մար­զու­հին, ցու­ցա­բե­րե­լով կար­գա­պա­հու­թիւն եւ ­մար­տա­կան ո­գի, գրա­ւեց ա­ռա­ջին դիր­քը «Է­լի­տա» ար­հես­տա­վարժ մա­կար­դա­կի դա­սա­կար­գին։ ­
Իր տո­ւած հար­ցազ­րոյց­նե­րէն մէ­կուն մէջ, ­Լու­սիէ­ն ­կը նշէ, որ ի­րեն հա­մար կա­րե­ւո­ր­ է մտա­ւոր եւ ֆի­զիք­կա­կան միա­ցեալ ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը, կեդ­րո­նա­ցու­մը, կար­գա­պա­հու­թիւ­նը եւ յաղ­թա­նա­կի հան­դէպ խոր նուի­րումն ու ո­գին։
­­Յա­ջոր­դիւ, իբ­րեւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ, պի­տի մաս­նակ­ցի 2025-ի ­­Հա­մաա­մե­րի­կեան Ա­ռաջ­նու­թեան, ­­Փա­րա­կո­ւէ­յի մէջ։
­Հա­յազ­գի նոր աստ­ղին կը մաղ­թենք փայ­լուն ու­ղի։