Անցեալ տարուան Դեկտեմբերէն, յունահայ գաղութէն ներս մեկնարկած Լիբանանի եւ Սուրիոյ տառապող հայութեան համար հանգանակութիւնը իր շօշափելի արդիւնքները ցոյց կու տայ արդէն։ «Ազատ Օր»ի եւ մեր կառոյցներու էջերէն լոյս տեսած կոչին ընդառաջելով՝ բազմաթիւ հայրենակիցներ իրենց նիւթական օգնութեամբ սատար կը հանդիսանան Սփիւռքի երկու կարեւոր գաղութներու գոյատեւման։
Սուրիահայ գաղութը մօտ տասը տարիէ ի վեր կը ճաշակէ ահաւոր պատերազմի մը դառն իրականութիւնը, որ նախ հիմնովին քայքայեց պետութեան հիմերը, ապա լուրջ վտանգի տակ դրաւ սուրիահայութեան կազմուածքը, իր ժողովուրդով եւ գաղութային կառոյցներով։ Իսկ այսօր, գէթ պատերազմի արհաւիրքը մասամբ մեղմացած ըլլալով, այս անգամ ընկերային եւ տնտեսական սոսկալի ալիք մը կու գայ իր վտանգաւոր հետեւանքները գործելու ամբողջ գաղութին վրայ՝ ուժանիւթի, նիւթական, սղաճի, արտագաղթի հսկայ տագնապներով։
Նոյնն է պարագան լիբանանահայութեան համար, որ ներկայիս կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն տագնապալի օրերէն մէկը, երբ երկրի պետական համակարգը ամբողջութեամբ փլուզումի ենթարկուած է, տնտեսութիւնը հիմնովին խորտակուած է, կառավարական տագնապը փակուղիի մէջ կը շարունակէ մնալ իսկ ժողովրդային ցասումը վերջ չունի։ Հոս ալ ակներեւ է հայկական գաղութի ու մանաւանդ հայութեան վիճակի վատթարացումը, որոնք այլեւս առօրեան որոնելու խղճալի վիճակին մէջ կը գտնուին։ Հասնող լուրերը ոչ մէկ լաւատեսութիւն կը ներշնչեն, տագնապի լուծման հեռանկարները անգոյ կը թուին ըլլալ, իսկ ժողովուրդի հոգեվիճակը ամայութեան մէջ թափառելու պատկերը կու տայ։
Աւելորդ պիտի ըլլար խօսիլ մեր երկու հայօճախներու համահայկական կարեւորութեան մասին։ Սակայն, անգամ մը եւս սրտի պարտք ունինք ընդգծելու զոյգ գաղութներու ազգային, քաղաքական, կրօնական, կրթական եւ միութենական արժէքը։
Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն, նախ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ապա ներկայիս՝ քաղաքական, ընկերային եւ նիւթական փոթորիկներով, Լիբանանի գաղութը կը շարունակէ մնալ Սփիւռքի համար կենսատու ակը, որուն տակաւին երկար պէտք ունի սփիւռքահայութիւնը իր գոյապայքարի ուղիին վրայ։ Հոն են մեր կարեւոր ազգային, կրթական եւ հոգեւոր հաստատութիւնները՝ Ճեմարանը, Կաթողիկոսարանը, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնատեղիները, հոն տակաւին հայ գիրի ու դպրութեան, հայ գիրքի ու լեզուի կրակը կը շարունակէ ջերմացնել հայու սիրտն ու հոգին։
Նոյնն է հալէպահայ մեր օճախը, որ իր Ճեմարանով, իր Առաջնորդարանով, Քեսապի ու Գամիշլիի մէջ հայու աւանդութիւնները պահելու նախանձախնդրութեամբ, ազգային եւ կրթական բարձր ոգիով կը շարունակէ սերունդներ դաստիարակել, հայու աննկուն կամքին տէրն ու տիրականը կանգնիլ, սերունդ հասցնել, մշակոյթ կերտել։
Պատահական չէ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան համահայկական կառոյցը, իր ուղեկից միութիւններու Կեդրոնական վարչութիւններով երկար ժամանակէ ի վեր լծուած է երկու մեր հայագաղութներու օժանդակութեան եւ ամէն գնով նեցուկ կանգնելու գործին։ Ոչ ալ պէտք է անտեսել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համասփիւռքեան զօրաշարժն ու գործնական օժանդակութիւնը, որ առատօրէն կը բաժնուի կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Ճիշդ հոս է նաեւ մեր գաղութի գործօններուն կողմէ յառաջ տարուող գաղութային զօրաշարժի նշանակութիւնը եւ հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ Գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէին եւ Ազգային վարչութեան, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կառոյցներու անմիջական զօրակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Թեմակալ Առաջնորդին հովանաւորութեամբ, յունահայ գաղութը եւս կու գայ միանալու համազգային ճիգին՝ ի գին ամէն զոհողութեան ոտքի պահելու հայութեան համար կարեւոր երկու օճախները։
Ինչպէս սկիզբին ալ յայտնեցինք, յունահայ կազմակերպ մեքենայի զօրաշարժը արդէն իր պտուղները տուած է եւ մեր հայրենակիցներու լուրջ մաս մը իրենց առատաձեռն նուիրատուութիւնները կատարած են։
Հոս, սակայն, անգամ մը եւս պարտք կը զգանք մեր կոչը բարձրաձայնելու յունահայ բոլոր հայրենակիցներուն անխտիր, որպէսզի իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնեն Միջին Արեւելքի վտանգաւոր կրակներուն մէջ ապրող մեր արիւնակից հայորդիներուն։ Իւրաքանչիւր նուէր, իւրաքանչիւր օգնութիւն ընտանիք մը պահելու, մեր հաստատութիւնները կանգուն պահելու հսկայական քայլ մըն է, որուն երախտապարտ են լիբանանահայ եւ սուրիահայ մեր եղբայրները։
Երկու գաղութներուն տագնապը Սփիւռքի լինելութեան ուժգին հարուած մը տալու համազօր է։ Եթէ այսօր համախումբ կարողանանք երկու գաղթօճախներու ապրած ընկերային եւ տնտեսական ցաւերը սփոփել, վստահ ըլլանք, որ ամոքած կ՚ըլլանք նաեւ Սփիւռքի ցաւերը, որոնց մշտական խնամող բժիշկը տասնամեակներ շարունակ հանդիսացած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայակերտ օճախները։
Այսօր իսկ փութանք մեր օգնութեան ձեռքը երկարելու, վաղն կրնայ անդառնալիօրէն ուշ ըլլալ։
«Սփիւռքի Տարի»ն Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան համար թող ըլլայ Վերականգնումի Տարի։ Բոլորիս գործնական նեցուկով։